Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ուքրանիոյ` Ատրպէյճանին Ֆոսֆորային Ռումբեր Վաճառելու Պնդումը Անհիմն Է: euvsdisinfo.eu

Ուքրանիոյ` Ատրպէյճանին Ֆոսֆորային Ռումբեր Վաճառելու Պնդումը Անհիմն Է: euvsdisinfo.eu

by MassisPost

Փետրուար 24-ին Ուքրանիոյ տարածքին Ռուսաստանի նախաձեռնած ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր համացանցի հայալեզու տիրոյթին մէջ կրկին աշխուժացած են պնդումները, թէ Ուքրանիան ֆոսֆորային ռումբեր վաճառած է Ատրպէյճանին, որ զանոնք կիրառած է ընդդէմ Արցախի` 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:

Փաստերու ստուգմամբ զբաղող Euvsdisinfo.eu կայքը կը յիշեցնէ, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնը հերքած է քիմիական զէնքերու տեղափոխումը եւ/կամ վաճառքը Պաքուին: «Բացի այդ, Քրեմլինամէտ ապատեղեկատուութեան ոեւէ տարածող չէ ներկայացուցած որեւէ էական ապացոյց` Ուքրանիոյ վերաբերեալ իրենց պնդումները հիմնաւորելու համար, կը նշէ կայքը` միաժամանակ նկատելով, որ թէեւ պատերազմի օրերուն Ուքրանիան ռազմական օգնութիւն չէ ցուցաբերած Ատրպէյճանին, սակայն Ուքրանիոյ իշխանութիւնները «հաւատարիմ մնացած են Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment