Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2021-ին ԵԱՏՄ Երկիրներուն Հետ Առեւտրաշրջանառութիւնը 2020-ի Համեմատ Աճած Է 20,6 Տոկոսով․ Փաշինեան

2021-ին ԵԱՏՄ Երկիրներուն Հետ Առեւտրաշրջանառութիւնը 2020-ի Համեմատ Աճած Է 20,6 Տոկոսով․ Փաշինեան

by MassisPost

2021-ին, նախորդ տարուայ համեմատ, ԵԱՏՄ երկիրներու հետ առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 20,6 տոկոսով եւ կազմած է 2,7 միլիառ տոլար, Նուր-սուլթանի մէջ, Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի հերթական նիստին ընթացքին տեղեկացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Անոր խօսքով` Հայաստանէն ԵԱՏՄ երկիրներ արտահանման մատակարարումներու ծաւալը նոյն ժամանակահատուածին աճած է 25,2 տոկոսով: Ընդ որում` Փաշինեան նկատած է, որ փոխադարձ առեւտուրի մէջ արտահանման աճի կշռոյթները աւելի բարձր են, քան դէպի երրորդ երկիրներ հայկական արտադրանքի արտահանման աճի կշռոյթները:

«Աճի լաւագոյն ցուցանիշներն ապահովել են թարմ եւ վերամշակուած գիւղատնտեսական արտադրանքը, ալքոհոլային եւ ոչ-ալքոհոլային խմիչքները, հիւսուածեղէնի եւ կօշիկի արդիւնաբերութեան արտադրանքը, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ անդամ երկրներում պահանջարկ ունեցող մի շարք այլ ճիւղերի արտադրանքները», ըսած է վարչապետը` շարունակելով, որ արտահանման ծաւալներու աճին զուգընթաց աճած են նաեւ Միութեան երկիրներէ Հայաստան ներմուծման ցուցանիշերը․ «Այսպիսով, ծագման երկրի յատկանիշով ներմուծումն աճել է 18,5 տոկոսով»:

Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ այս տարի համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ ոչ-պակաս արդիւնաւէտ, այդ շարքին՝ Միութեան հիմնական ոլորտներուն մէջ յառաջընթացի եւ նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման հաշուոյն:

«Այս փուլում չափազանց կարեւոր է պահպանել հաւաքած կշռոյթը եւ շարունակել տնտեսական մարտահրաւէրներին համատեղ արձագանգելու մեխանիզմների մշակումը», ըսած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment