Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պապիկեանն Ու Շոյկուն Քննարկած Են ՀՀ Զինուած Ուժերու Արդիականացման Ու Բարեփոխումներու Ընթացքը

Պապիկեանն Ու Շոյկուն Քննարկած Են ՀՀ Զինուած Ուժերու Արդիականացման Ու Բարեփոխումներու Ընթացքը

by MassisPost

Ռուսաստան կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպած է իր ռուս գործընկերոջ` Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի հետ:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան փոխանցմամբ` քննարկումներու ընթացքին անդրադարձած են ՀՀ զինուած ուժերու արդիականացման ու բարեփոխումներու ընթացքին:

Պապիկեան եւ Շոյկու բարձր գնահատած են հայ-ռուսական դաշնակցային համագործակցութեան եւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժութիւնը, Ռուսաստանի դերն ու ջանքերը` ուղղուած տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ իրականացուող Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը:

«Հանդիպման ընթացքում կարծիքներ են փոխանակուել միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրների շուրջ: Քննարկուել են հայ-ռուսական երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափով ռազմական համագործակցութեանն առնչուող մի շարք հարցեր», ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Սուրէն Պապիկեանը Սերկէյ Շոյկուն հրաւիրած է պաշտօնական այցով ժամանել Հայաստան:

Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ ծաղկեպսակ դրած է Անյայտ զինուորի յուշահամալիրին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment