Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ Քաղաքացիները Կրնան Հատել Մոլտովայի Սահմանը Առանց Վիզայի Ու Տեղափոխուիլ Հայաստան

Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ Քաղաքացիները Կրնան Հատել Մոլտովայի Սահմանը Առանց Վիզայի Ու Տեղափոխուիլ Հայաստան

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը յատուկ ռազմական գործողութիւններ սկսած է Տոնպասի մէջ: Եւ թէպէտ Ուքրանիայէն դէպի դուրս օդակայանները չեն աշխատիր` մարդոց տարհանումը կազմակերպելու համար, այնուամենայնիւ, բաց է Մոլտովայի հետ սահմանը, եւ ՀՀ քաղաքացիները կրնան հատել սահմանը առանց վիզայի ու տեղափոխուիլ Հայաստան կամ այն երկիր, որ կը նախընտրեն:

Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան ընդգծած է, որ դեսպանութիւնը կ’աշխատի սովորական կարգով եւ ՀՀ քաղաքացիներէն բազմաթիւ զանգեր կը ստանան. «Կը պատասխանենք բոլոր հարցումներուն, կը տրամադրենք անհրաժեշտ խորհրդատուութիւն, կ’օգնենք նաեւ անհատական խնդրանքներու պարագային»:

Նշենք, որ առաւօտեան 05:50-ին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ուղերձ յղած է Ռուսաստանի քաղաքացիներուն` նշելով, որ Տոնպասի ժողովրդական հանրապետութիւնները դիմած են Ռուսաստանին` օգնութեան խնդրանքով, եւ ռազմական յատուկ գործողութեան նպատակը մարդոց, այդ շարքին` Ռուսաստանի քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնն է, որոնք 8 տարուայ ընթացքին Քիեւի վարչակարգին կողմէ կ’ենթարկուին ծաղրուծանակի, ցեղասպանութեան: Ռուսաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Մոսկուայի նպատակը Ուքրանիան բռնագրաւելը չէ, այլ՝ Ուքրանիոյ ապառազմականացումը եւ նացիզմը արմատախիլ ընելը:

Ռուսաստանի կողմէ ռազմական գործողութիւնները սկսելէ յետոյ Ուքրանիան փակեց օդային տարածքը քաղաքացիական ինքնաթիռներու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment