Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 44-Օրեայի Ժամանակ Պետական Դաւաճանութեան Յօդուածով Երեք Քրէական Գործ Կայ

44-Օրեայի Ժամանակ Պետական Դաւաճանութեան Յօդուածով Երեք Քրէական Գործ Կայ

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմին ժամանակ պետական դաւաճանութեան յօդուածով յարուցուած երեք քրէական գործ կայ, երկուքը արդէն դատարանն են: Գլխաւոր դատախազութեան տուեալներով, այս պահուն մեղադրեալները 24 հոգի են:

Մեղադրեալներու շարքին բարձրաստիճան սպաներ չկան, ըսաւ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան: Դատական նիստերը տեղի կ’ունենան դռնփակ:

«Գործը դատարանում է, ընթանում է դատական քննութիւն, ի հարկէ դռնփակ է իրականացւում, որովհետեւ առնչւում են այն հանգամանքներին, որոնք պետական գաղտնիքի են նաեւ վերաբերում», ըսաւ Աբրահամեան:

Դատարան ուղարկուած առաջին քրէական գործով կ’անցնին վանաձորցի երիտասարդ ամուսիններ: Ըստ մեղադրական եզրակացութեան, նախկին զինուորական տղամարդը կնոջ օժանդակութեամբ, լրտեսութեան միջոցով հաւաքած է պետական եւ ծառայողական գաղտնի տեղեկութիւններ ու զանոնք յանձնած է օտարերկրեայ կազմակերպութեան ներկայացուցիչին: Կինն ալ կը մեղադրուի ամուսնոյն օժանդակելու համար:

Երկրորդ քրէական գործով անցնող երկու մեղադրեալները սերտ կապեր ունեցած են զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու հետ, կը նշէ գլխաւոր դատախազի խորհրդականը:

«Սերտ կապեր ունէին զինուած ուժերի հետ, որոնց հաւաքագրել էին Թուրքիա այցելութեան ժամանակ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները, եւ դրա շրջանակներում բաւականին մեծաքանակ տեղեկութիւններ էին տրամադրուել Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններին, այդ թւում` նաեւ ճշգրիտ ռազմաճակատում ճշգրիտ հայկական դիրքերի տեղաբաշխման, զօրամիաւորումների քանակի, տեխնիկայի քանակի, տեղաբաշխումների վերաբերեալ, որոնց հիման վրայ նաեւ իրականացուել էին Ատրպէյճանի զինուած ուժերի կողմից գործողութիւններ, որոնց հետեւանքով ե՛ւ մարդկային կորուստներ էինք ունեցել, ե՛ւ նաեւ տեխնիկայի լուրջ կորուստներ էինք ունեցել», ըսաւ Գոռ Աբրահամեան:

Երրորդ` լրտեսութեան ամենաաղմկայարոյց գործին մէջ 20 մեղադրեալ կայ, անոնցմէ 14-ը կալանաւորուած են, մէկ մասը խոստովանական ցուցմունքներ տուած է:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան հրապարակած տեսանիւթերուն մէջ որպէս ապացոյց կը ներկայացուին մեղադրեալներու հեռախօսներէն վերցուած՝ զօրամասերու, դիրքերու տարբեր նկարներն ու տեսանիւթերը, գումարի փոխանցման ստացականներ:

Օտարերկրեայ հետախուզութեան ներկայացուցիչները կանանց անունով համացանցին մէջ կեղծ հաշիւներ բացած են, այդպէս կապ հաստատած են հայ զինուորականներու հետ: Մեղադրեալները ունին հանրային պաշտպաններ, որոնք տակաւին մեկնաբանութիւններ տալ չեն փափաքիր:

Այս գործը քննող Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը օրերս հաղորդեց, որ ատրպէյճանական հետախուզութիւնը լրտեսական ցանցին մէջ ներգրաւած է հիմնականին մէջ նախկին կամ ներկայ զինուորականներ, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած են մուտք գործելու Հայաստանի եւ Արցախի զօրամասեր, բարձրանալու մարտական դիրքեր, ծանօթանալու ռազմական բնագաւառին վերաբերող բազմապիսի փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու, որոնք ալ գումարի դիմաց փոխանցած են օտարերկրեայ հետախուզութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment