Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքը Եւ Սերտար Քըլըճը Քննարկած Են Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցը

Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքը Եւ Սերտար Քըլըճը Քննարկած Են Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցը

by MassisPost

Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըճ, Փետրուար 23-ին, այցելած է  Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանին: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը:

Քըլըճի հետ հանդիպման ներկայ եղած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ վարչութեան ղեկավար Այշէ Ուզերը:

Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, Սերտար Քըլըճ գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ ունեցած առաջին հանդիպման համար եւ յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու տեսակէտին համաձայն, փոխադարձ առողջ քայլերով պէտք է հող նախապատրաստուի դրական զարգացումներու համար:

«Պատրիարք Մաշալեան ուրախութիւն յայտնած է թուրք դիւանագէտի այցին առիթով եւ մաղթած, որ յաջողութեամբ պսակուի Սերտար Քըլըճի ստանձնած դիւանագիտական առաքելութիւնը:

Ան ընդգծած է, որ կը քաջալերէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ համոզմունք յայտնած է, որ բարիդրացիական յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր երկու երկիրներով ու քաղաքներով, այլեւ խաղաղութեան ու անդորրութեան մթնոլորտ կը ձեւաւորեն ամբողջ տարածաշրջանին մէջ` դուռ բանալով տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացումներու համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment