Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ-ԵՄ Խորհրդարանական Գործընկերութեան Կոմիտէն Կարեւոր Հարթակ Է Հայաստանի Ժողովրդավարական Օրակարգին Համար. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ-ԵՄ Խորհրդարանական Գործընկերութեան Կոմիտէն Կարեւոր Հարթակ Է Հայաստանի Ժողովրդավարական Օրակարգին Համար. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ՀՀ-ԵՄ Խորհրդարանական Գործընկերութեան Կոմիտէի համանախագահ Մարինա Գալիւրանտը եւ կոմիտէի անդամ Մարքեթա Կրեկորովան:

Վարչապետը ողջունած է ՀՀ-ԵՄ Խորհրդարանական Գործընկերութեան Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն այցը Հայաստան եւ կարեւորած է միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը: «Հայաստանը կարեւորում է Եւրոպական Միութեան հետ տարբեր ձեւաչափերով գործընկերութեան սերտացումը, եւ այս հարթակը եւս կարեւոր ձեւաչափ է Հայաստանի ժողովրդավարական օրակարգի յառաջմղման համար», նշած է Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետը երախտագիտութիւն յայտնած է Գալիւրանտին` 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ հայկական կողմին համար նպաստաւոր յայտարարութիւններով հանդէս գալու, ընդ որում՝ հայ ռազմագերիներու վերադարձի խնդիրին անդրադառնալու համար:

Շնորհակալութիւն յայտնելով վարչապետին ընդունելութեան համար` Մարինա Գալիւրանտ ընդգծած է, որ Հայաստանը ԵՄ Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրի կարեւոր գործընկեր է, եւ ԵՄ-ն կը սատարէ Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգի կեանքի կոչման եւ ժողովրդավարութեան զարգացման գործընթացին: Ան արդիւնաւէտ գնահատած է հայաստանցի գործընկերոջ` ՀՀ-ԵՄ Խորհրդարանական Գործընկերութեան Կոմիտէի հայկական կողմի համանախագահ Արման Եղոյեանի հետ գործակցութիւնը եւ նշած, որ պիտի շարունակէ ՀՀ-ԵՄ կապերու զարգացման ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանքը:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու շուրջ: Վարչապետը անդրադարձած է միջազգային գործընկերներու միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումներու շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ նշած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումները տարածաշրջանային զարգացումներու, հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին վերաբերեալ:

Գալիւրանտ եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, եւ ինք պիտի շարունակէ բարձրաձայնել այդ խնդիրը: Երկուստեք ընդգծուած է ԼՂ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքի ապահովման անհրաժեշտութիւնը` հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման նպատակով:

Արծարծուած են նաեւ ՀՀ ժողովրդավարական օրակարգին վերաբերող հարցեր:  Անդրադարձ եղած է ծանր վիրաւորանքի եւ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի մեխանիզմներուն, կառավարութիւն-քաղաքացիական հասարակութիւն երկխօսութեան, հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ կանանց ներգրաւուածութեան եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment