Home Uncategorized Լաչինը Շրջանցող Ճանապարհը Շահագործման Պիտի Յանձնուի Յուլիսին․ Ատրպէյճանցի Պաշտօնեայ

Լաչինը Շրջանցող Ճանապարհը Շահագործման Պիտի Յանձնուի Յուլիսին․ Ատրպէյճանցի Պաշտօնեայ

by MassisPost

Լաչինը շրջանցող ճանապարհը շահագործման պիտի յանձնուի 2022 թուականի Յուլիսին: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի Ճանապարհային Պետական Գործակալութեան ղեկավար Սալեհ Մամետովը:

«Այդ ճանապարհին երկարութիւնը 28 քիլոմեթր է, որուն 17 քիլոմեթրը արդէն կառուցուած է: Ճանապարհին շահագործումը կը ծրագրուի մինչեւ ընթացիկ տարուայ Յուլիսը», յայտարարած է Մամետով: Ատրպէյճանցի պաշտօնեան նշած է, որ ճանապարհը պիտի միացնէ Լաչինի շրջանի վեց գիւղեր: «Ներկայիս հայերը կ’անցնին Լաչինով: Լաչինը շրջանցող այլընտրանքային ճանապարհէն պիտի օգտուին ե՛ւ հայերը, ե՛ւ մեր քաղաքացիները», նշած է Մամետով:

Լաչինը շրջանցող ճանապարհին շինարարութիւնը Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն եռակողմ յայտարարութեան կէտերէն մէկն է. երեք տարուայ ընթացքին Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ պէտք է հաստատուի, եւ այն պաշտպանելու համար այդտեղ նոյնպէս պէտք է ռուս խաղաղապահներ տեղակայուին: Նոր ճանապարհը Արցախի Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերուն տարածքով պիտի անցնի:

Աւելի առաջ, Արցախի Բերդաձորի ենթաշրջանի համայնքներուն ղեկավարները յայտնած էին, որ Ատրպէյճանը սկսած է Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճանապարհի շինարարութիւնը: Ատրպէյճանը պաշտօնապէս չէ յայտնած, որ այն՝ ինչ կը կառուցէ, Լաչինի ներկայիս միջանցքը փոխարինողն է:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը` նախագահականը, Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, ատրպէյճանական կողմի շինարարութիւնը չեն մեկնաբանած: Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեան տեղեկացուցած էր, որ դեռ խորհրդատուութիւններու փուլին են, հայկական կողմը որեւէ շինարարական աշխատանք չէ սկսած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment