Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանցի Երկու Պատգամաւորներ Երեւանի Մէջ Կը Մասնակցին «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Գրասենեակի Եւ Յանձնաժողովներու Նիստերուն

Ատրպէյճանցի Երկու Պատգամաւորներ Երեւանի Մէջ Կը Մասնակցին «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Գրասենեակի Եւ Յանձնաժողովներու Նիստերուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի համանախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էր նաեւ ատրպէյճանցի պատգամաւոր Թայիր Միրքիշիլին: Վերջինս համազեկուցող է Քովիտ համավարակին վերաբերող հարցով, հաւանաբար այդ պատճառով ալ ընդգրկուած է պատուիրակութեան կազմին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումները տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, հաղորդակցման ուղիներու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան վերաբերեալ: Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած են միայն վեհաժողովի համանախագահներու մակարդակով:

Ըստ արտաքին գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան, նախարար Միրզոյեան ընդգծած է Ատրպէյճանի մէջ անօրինական կերպով պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը:

Ատրպէյճանական մեճլիսի երկու պատգամաւորները Երեւանի մէջ պիտի ըլլան երկու օր, «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի գրասենեակին եւ յանձնաժողովներու նիստերուն մասնակցելու համար: Լրագրողները անոնց հանդիպելու հնարաւորութիւն դեռ չեն ունեցած, առաջին նիստը փակ էր, ինչպէս յայտնեց «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Մարիա Կարապետեանը:

«Այսինքն միշտ բոլոր երկրներում, քաղաքներում, երբ այդ նիստը տեղի է ունենում, չի հեռարձակւում, դրա շուրջ յաւելեալ լարուածութիւն պէտք չէ ունենալ, ինչպէս մեր Ազգային Ժողովի խորհրդի նիստերը չեն հեռարձակւում: Վաղը ամբողջական աշխատանքային օրն է` առաւօտեան 9-ից մինչեւ երեկոյեան մօտաւորապէս ժամը 18-ը կ’ընթանան յանձնաժողովների նիստերը` քաղաքական, ուժանիւթային, տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովների նիստերը», նշեց Կարապետեան:

Երեւան ժամանած ատրպէյճանցի պատգամաւորներն են Թայիր Միրքիշիլին եւ Սոլթան Մամետովը, եւս մէկ անձ անոնց կ’ուղեկցի:

Հայկական կողմը Ատրպէյճանէն ժամանած պատուիրակութեան անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրած է, նման իրավիճակներու մէջ այդ բնական ընթացակարգ է, կը փոխանցէ իշխող ուժի պատգամաւորը` յիշեցնելով 2017 թուականը, երբ Պաքուն կրկին «Եւրոնեսթ»-ի շրջանակներուն մէջ նման երաշխիքներ տուած էր հայ պատգամաւորներուն:

«Եւրոնեսթ»-ի լիագումար նիստը Երեւանում անցկացուել է նաեւ 2015 թուականին, սակայն ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը հրաժարուել էր Հայաստան գալ: «Եւրոնեսթ»-ի շրջանակում վերջին անգամ Պաքուից պատգամաւորներ Երեւան ժամանել են 2012 թուականին:

«Նմանատիպ այցերի ժամանակ, հաշուի առնելով ընդհանուր իրավիճակը, կողմերը միմեանց ժամանող անձանց տրամադրում են անվտանգութեան երաշխիքներ: Երբ տիկին Մանէ Թանտիլեանը եւ Արմէն Աշոտեանը մեկնել էին Պաքու, 2017 թուականին, նմանատիպ երաշխիքներ տրամադրուել էին նաեւ նրանց: Դա բնական է», ըսաւ Մարիա Կարապետեան:

Նշենք, որ ատրպէյճանցի պատգամաւորներուն Երեւան այցը ուղեկցուեցաւ բողոքի արարքներով: Խումբ մը քաղաքայիններ փորձեցին փակել օդակայան տանող ճանապարհը` յայտարարելով, որ թոյլ պիտի չտան ատրպէյճանցի պատգամաւորներուն մուտքը Երեւան: Ոստիկանական ուժերու միջամտութենէն յետոյ ճանապարհը բացուեցաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment