Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահին Զեկուցած Եմ, Թէ Ինչ Կը Կատարուի, Կարգադրութիւն Չեմ Տուած. Սամուէլ Պապայեան

Արցախի Նախագահին Զեկուցած Եմ, Թէ Ինչ Կը Կատարուի, Կարգադրութիւն Չեմ Տուած. Սամուէլ Պապայեան

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Պապայեան կը վստահեցնէ, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ինք որեւէ ղեկավարում չէ իրականացուցած, հրամանատարական շտաբ գործուղուած է որպէս Արցախի նախագահի խորհրդական, որեւէ կարգադրութիւն չէ տուած. այսպիսով Պապայեանը ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ ստեղծուած` պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովին մէջ իր ներկայացուածութիւնը լիովին անաչառ կը համարէ:  Պապայեան նման տեսակէտ յայտնեց Քննիչ Յանձնաժողովի կազմակերպած աշխատանքային քննարկումէն յետոյ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:

Սամուէլ Պապայեան նախ յայտնեց, որ ինք Յանձնաժողովին մէջ ներգրաւուած է որպէս արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչ, իր մասնակցութեան համար իրաւական հիմքեր կան:

Անդրադառնալով դիտարկման, որ ինք եղած է Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար, պատերազմը կառավարողներէն մէկը, ինչպէ՞ս անաչառ պիտի ըլլայ Յանձնաժողովին մէջ` Պապայեան ըսաւ.  «Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան քարտուղարը նամակով դիմել է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին, գրաւոր պատասխանել են. «Դուք իրաւունք չունէք զբաղուել մեզանով, անգամ բանակի մասին հարցնել»: Ի՞նչ ղեկավարումից էք խօսում: Ես «բունկերում» եղել եմ որպէս նախագահի խորհրդական: Արցախի նախագահի կողմից գործուղուել եմ այնտեղ, որ երեկոյեան զեկուցեմ, թէ ինչ է կատարւում այնտեղ: Ես ոչ խառնուել եմ, ոչ կարգադրութիւն եմ արել, ոչ էլ խօսել եմ: Կանգնել եմ, իրենք գործել են, ես տեսել եմ, զեկուցել եմ իր վերադասին»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ, հաշուի առնելով իր նախապէս տուած գնահատականները որոշ մարդոց քայլերուն, որքանո՞վ անաչառ է իր ներկայութիւնը Քննիչ Յանձնաժողովին մէջ, Պապայեան պատասխանեց. «Լրիւ անկեղծ անաչառ է լինելու»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ Քննիչ Յանձնաժողովը, որ ձեւաւորած է իշխանութիւնը, կրնա՞յ արդար քննութիւն իրականացնել` ան ըսաւ, որ որեւէ իշխանութիւն պարտաւոր է արդար քննել, եթէ ինք մեղաւոր չէ, ցուցադրել, թէ մեղքը որունը եղած է: «Երբ այս իշխանութիւնը ստացել է մի «օժիտ», հիմա պէտք է պարզենք, թէ գործող իշխանութեան մեղքը որքանո՞վ կայ: Օրինակ` Արցախի բանակի հրամանատարին եւ շտաբի պետին, որոնք որոշող են, նշանակել է Նիկոլ Փաշինեանը, ո՞ւմ առաջարկով, ուզում եմ ճշդել, թէ ո՞վ է առաջարկել, որ այդ մարդկանց նշանակեն. պարզւում է, որ այնտեղի գործող իշխանութիւնը. առաջարկել են Բակօ Սահակեանը եւ Տիգրան Աբրահամեանը, որը հիմա ասում է, որ ընդդիմադիր է», ըսաւ Պապայեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment