Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Ազգային Ժողովը Ամբողջութեամբ Ընդունեց «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» Օրէնքը

Արցախի Ազգային Ժողովը Ամբողջութեամբ Ընդունեց «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» Օրէնքը

by MassisPost

Արցախի Ազգային Ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներու մասին» օրէնքին նախագիծը, յայտնած է Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեկլարեանը:

«Ազգային Ժողովն ընդունեց «Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքների մասին» օրէնքը, որի մշակման աշխատանքները դեռեւս ամիսներ առաջ մեկնարկել էին կառավարութիւնում: Մենք քաջ գիտակցում ենք, որ ունենք սահմանափակ իրաւական մեխանիզմներ ` օրէնքում նշուած գործառոյթներն իրականացնելու եւ նպատակներին հասնելու համար, սակայն պարտաւոր ենք առաւելագոյնս օգտագործել առկայ իրաւական եւ քաղաքական մեխանիզմներն այդ ուղղութեամբ: Արցախի Հանրապետութեան տարածքները պէտք է ազատագրուեն եւ մեր քաղաքացիները պէտք է վերադառնան իրենց տները», գրած է Բեկլարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment