Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Կը ՅայտարարԷ «Հայկական Խաչմերուկ» Նախագիծին Մասին

Փաշինեան Կը ՅայտարարԷ «Հայկական Խաչմերուկ» Նախագիծին Մասին

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը վերաձեւակերպած է «Հիւսիս-Հարաւ» նախագիծը` դարձնելով «Հիւսիս-Հարաւ/Արեւելք-Արեւմուտք» կամ «Հայկական Խաչմերուկ», եւ յոյս ունի զայն մեծ կշռոյթներով իրականացնելու, կառավարութեան նիստին յայտատարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այդ ճանապարհի ճիւղերից մէկը, նկատի ունեմ Հիւսիս-Հարաւ, Արեւելք-Արեւմուտք, կամ եթէ կարճ ասենք` Հայկական Խաչմերուկի ճիւղերից մէկը, կը կապի հիւսիսը հարաւին, այսինքն, ըստ էութեան, Հայաստանի Հանրապետութիւնից դէպի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, միւս ճիւղը, ըստ էութեան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ հետագայում` դէպի Նախիջեւան, Թուրքիա», ներկայացուց վարչապետը:

Ուշագրաւ էր վարչապետին յաջորդ յայտարարութիւնը, թէ Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի վերագործարկման վերաբերեալ յառաջիկային կը սպասուի փաստաթուղթի ստորագրում: «Ի հարկէ, Արեւելք-Արեւմուտքի նախագծային հատուածն արուած չէ, բայց յընթացս քաղաքական պայմանաւորուածութիւնների եւ համաձայնութիւնների ձեռքբերման ծիրին մէջ մենք շատ արագ կ’իրականացնենք նաեւ այդ հատուածը: Գիտէք նաեւ, որ մենք հիմա ճշգրիտ աշխատանքներ ենք իրականացնում Երասխ-Ճուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղու հայկական հատուածի կառուցման համար: Ըստ էութեան, չնայած թեքնիք եւ նախագծային աշխատանքներն արդէն մեկնարկել ենք, յառաջիկայում յոյս ունենք, որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կ’արձանագրուեն որեւէ փաստաթղթի տեսքով եւ արդէն նաեւ տէ իւրէ գործընթացն ամբողջ թափով կը ծաւալուի», նշեց Փաշինեան:

Վարչապետ Փաշինեան նաեւ յայտարարեց. «Հիւսիս-Հարաւ հատուածում մենք բնականոն գործող ճանապարահներ ունենք, Արեւելք-Արեւմուտք հատուածում բնականոն գործող ճանապարհներ չունենք: Ի հարկէ, յոյս ունենք նաեւ Արեւելք-Արեւմուտք հատուածով հնարաւորինս արագ հասնել լուծումների եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, ունենալ ժամանակաւոր գործող ճանապարհ եւ հետագայում` այս նախագծի ամբողջացման բնագրին մէջ ունենալ նաեւ հիմնական, արդէն վերջնական, այս նախագծի ծիրին մէջ գործող ճանապարհ»:

Փաշինեան անդրադարձաւ ճանապարհներուն, որովհետեւ կառավարութիւնը յայտարարած է «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի Սիսիան-Քաջարան 60 քիլոմեթրնոց հատուածի կառուցման նախաորակաւորման մրցոյթի մեկնարկին մասին: Յառաջիկայ 70 օրուայ ընթացքին ընկերութիւնները յայտեր պիտի ներկայացնեն, որմէ յետոյ պիտի որոշուի, թէ որ ընկերութիւնները կը համապատասխանեն պահանջներուն: Այս փուլէն յետոյ ալ արդէն որակաւորուած ընկերութիւնները պիտի մասնակցին ճանապարհահատուածի շինարարութեան մրցոյթին:

Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ ամբողջ գործընթացը կ’աւարտի մինչեւ տարեվերջ, որմէ յետոյ պիտի սկսի ճանապարհին կառուցումը:

Նախագիծին արժէքը քանի մը հարիւր միլիոն տոլար է, տեղեկացուց կառավարութեան ղեկավարը` շեշտելով․ «Այս մասշտաբի ներդրումային ծրագիր, ըստ էութեան, Հայաստանի անկախութեան պատմութեան մէջ չի իրականացուել»:

Յիշեցնենք, որ 2021-ի Յուլիսին Եւրոմիութիւնը յայտարարեց Հայաստանին 2,6 միլիառ եւրօ աջակցութեան փաթեթի մասին, նշուած գումարէն 600 միլիոնը նախատեսուած է Սիսիան-Քաջարան հատուածի կառուցման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment