Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լրտեսական Ցանցին Անդամները Պատերազմին Ժամանակ Տեղեկութիւններ Փոխանցած Են Թշնամիին․ ԱԱԾ

Լրտեսական Ցանցին Անդամները Պատերազմին Ժամանակ Տեղեկութիւններ Փոխանցած Են Թշնամիին․ ԱԱԾ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան քննչական բաժանմունքին մէջ կը շարունակուի պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան դէպքերու առթիւ յարուցուած քրէական գործին նախաքննութիւնը:

Հաշուի առնելով սոյն քրէական գործին նկատմամբ հանրային լայն շրջանակներու  հետաքրքրութիւնը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ գործով վարոյթի շրջանակներուն մէջ ձեռնարկուած քրէադատավարական եւ հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ տուեալներ ձեռք բերուած են առ այն, որ գործակալական ցանցին մէջ ներգրաւուած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքայինները, իրենց մասնակցութիւնը ունենալով քառասունչորսօրեայ պատերազմին, օտարերկրեայ հետախուզութեան առաջադրանքով մարտի դաշտէն անոնց փոխանցած են ռազմական բնագաւառի բազմապիսի տեղեկութիւններ:

Վերջիններուն ծաւալած հակապետական գործունէութեան հետեւանքով պատերազմի թէժ պահերուն հակառակորդին հնարաւորութիւն տրուած է յստակ տեղեկանալու հայկական զօրքերուն, զօրամիաւորումներուն, զինուորական սարքի տեսակին, թուաքանակին, անոնց հնարաւոր մարտավարութեան` յարձակման, պաշտպանութեան, հանդիպակաց մարտին, մարտավարական վերադասաւորումներուն եւ այլնի վերաբերեալ, ընդհուպ` քարտէզի վրայ տեղորոշուած եղանակով ստանալով հայկական ուժերու աշխարհագրական յստակ տուեալները:

Պետութեան հիմքերը խարխլող, տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող, պատերազմի դաշտին մէջ անձնուիրաբար մարտնչող անձերու կեանքը վտանգող հակապետական գործունէութեան հետեւանքով  հակառակորդը անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրետանային տարբեր զինատեսակներու օգտագործմամբ կատարած է տեղային յստակ խոցումներ` շարքէն հանելով հայկական զօրամիաւորումները եւ խոչընդոտելով անոնց առջեւ դրուած խնդիրներու հետագայ իրականացումը:

Ընդ որում, յատկանշական է այն, որ օտարերկրեայ հետախուզութիւնը լրտեսական ցանցին մէջ ներգրաւած է հիմնականին մէջ նախկին կամ ներկայ զինուորականներ, որոնք ծառայութեան բերումով հնարաւորութիւն ունեցած են մուտք գործելու Հայաստանի  եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ գտնուող զօրամասեր, բարձրանալու մարտական դիրքեր, ծանօթանալու ռազմական բնագաւառին վերաբերող բազմապիսի փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու:

Այդ, ինչպէս նաեւ համածառայակիցներու շրջանակին մէջ իրենց ունեցած հեղինակութիւնը օգտագործելով` դաւաճանական  գործունէութիւն ծաւալած անձեր մուտք գործած են  զօրամասեր, բարձրացած են մարտական դիրքեր, քօղարկուած եղանակով կատարած են տեսանկարահանումներ, ճշդած են զինուորական սարքերու տեսակներն ու քանակները, զօրամիաւորումներու շարժը, լուսանկարած են ռազմական նշանակութեան քարտէզներ, ձեռք բերած են այլ տեղեկութիւններ եւ զանոնք փոխանցած են օտարերկրեայ հետախուզութեան ներկայացուցիչներուն`  անոր դիմաց ստանալով իրենց վարձատրութիւնը:

Քրէական գործին նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան պայմաններու մէջ պետական դաւաճանութիւն կատարելու եւ անոր օժանդակելու համար մեղադրանք առաջադրուած է ընդհանուր թիւով 20 անձերու, որոնցմէ 14-ին նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, կը ձեռնարկուին համալիր հետախուզական միջոցառումներ եւ քննչական գործողութիւններ լրտեսական ցանցին մէջ ընդգրկուած անձերու ամբողջական շրջանակը պարզելու, անոնց նկատմամբ քրէական հետապնդումներ յարուցելու, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ հետախուզութեան գործունէութիւնը զինուած ուժերուն մէջ չէզոքացնելու ուղղութեամբ:

Հարկ է յիշատակել, որ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան քննչական բաժանմունքին մէջ պետական դաւաճանութեան յատկանիշերով յարուցուած եւ քննուած այլ գործերով եւս բացայայտուած են բազմաթիւ դէպքեր, երբ մարտական գործողութիւններուն մասնակցած անձեր պատերազմին ժամանակ հաւաքագրուած եւ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն փոխանցած են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տուեալներ ու փաստաթուղթեր` այդ կերպով թուլցնելով սեփական երկրին անվտանգութիւնը եւ աջակցելով հակառակորդին` լուծելու անոնց առջեւ դրուած բազմապիսի մարտական խնդիրներ եւ մարտի դաշտին մէջ ունենալու զգալի առաւելութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment