Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կոպիտ Հաշուարկներով` 40 Փտած Դատաւոր Կայ, Շատերը Սկսած Են Ինքնաբացայայտուիլ․ Նախարար

Կոպիտ Հաշուարկներով` 40 Փտած Դատաւոր Կայ, Շատերը Սկսած Են Ինքնաբացայայտուիլ․ Նախարար

by MassisPost

Հայաստանի մէջ, կոպիտ հաշուարկներով, 40 փտած դատաւոր կայ, «Ազատութեան» «Ֆէյսպուքեան Ասուլիս» հաղորդման ժամանակ յայտնեց արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեանը` նկատելով, որ  շատ դատաւորներ սկսած են ինքնաբացայայտուիլ` որոշակի քաղաքական արարքներով, աշխուժութեամբ, իրար պաշտպանելով:

«Ինչ-որ կլանային զգացողութիւններ կան: Օրինակ 93 դատաւոր ստորագրում է ինչ-որ յայտարարութեան տակ: Ես չեմ ասում` 93-ն էլ փտած են, բայց տեսնում ենք, որ էնտեղ մի 10, 20, 30 անուն կրկնւում է, յետոյ լինում է մի ուրիշ արարք, որտեղ տեսնում ենք, որ 4, 5-ն էն 30-ից յայտնուել են», ըսաւ նախարարը:

2018-ի յեղափոխութենէն գրեթէ մէկ տարի անց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հրաւիրած խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ եկած է դատական համակարգին մէջ վիրահատական միջամտութիւններ իրականացնելու ժամանակը: Ըստ անոր, առաջինը` Հայաստանի մէջ գործող բոլոր դատաւորները պէտք է ենթարկուին այսպէս կոչուած վեթինկի՝ համապատասխանելիութեան զտումի:

Միջազգային իրաւական փորձին մէջ այս զտումը կ’ենթադրէ անձի կենսագրութեան ուսումնասիրութիւն: Անցումային արդարադատութեան շրջանին մէջ այսպիսի զտումի միջոցով կը ստուգուին դատաւորներու եւ այլ պաշտօնեաներու գործունէութիւնը:

Դատական համակարգը զտելու մասին յաճախ կը խօսի վեց ամիս առաջ նախարար նշանակուած Անդրէասեանը` նշանակման առաջին օրերէն յայտարարելով` վեթինկը սկսած է:

Նախարարը խոստացաւ, որ զտումը Հայաստանի մէջ պիտի վերջանայ մէկ տարուայ ընթացքին, եթէ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը ըլլայ իր բարձունքին վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment