Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 44-օրեայ Պատերազմի Քննիչ Յանձնաժողովին Առաջին Հրաւիրեալներէն Մէկը Պիտի Ըլլայ Վարչապետ Փաշինեանը

44-օրեայ Պատերազմի Քննիչ Յանձնաժողովին Առաջին Հրաւիրեալներէն Մէկը Պիտի Ըլլայ Վարչապետ Փաշինեանը

by MassisPost

Ազգային ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովը միաձայն կողմ քուէարկեց 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրելու նպատակով քննիչ յանձնաժողովի աշխատակարգին:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի կանչուի 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողով: Այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի Անդրանիկ Քոչարեանը:

«Դա Նիկոլ Փաշինեանի ցանկութիւնն է, եւ ոչ միայն Նիկոլ Փաշինեանը, տենց հնարաւորութիւնը մեր ընդդիմադիր գործընկերները ո՞նց իրանց ձեռքից բաց թողեցին, քանի ժամ ուզում էին, ինչ հարց ուզում էին», ըսաւ Անդրանիկ Քոչարեան:

Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները, ինչպէս նախապէս յայտարարած էին, որոշած են չմասնակցիլ յանձնաժողովի աշխատանքներուն: Հիմնաւորումը հետեւեալն է` իշխանութիւնները չեն կրնար առարկայականօրէն քննել իրենց իսկ գործողութիւնները:

Ընդդիմադիր պատգամաւորները լքեցին յանձնաժողովի դահլիճը, չբացառելով որ ինչ-որ պահի նիստերուն կրնան մասնակցիլ. «Եթէ, մարդ ես, մի օր նպատակայարմար համարենք, կարող է գանք, շարունակենք մասնակցել»:

Պատգամաւորները, որպէս ի պաշտօնէ յանձնաժողովի անդամներ, նաեւ կրնան ծանօթանալ Քննիչ յանձնաժողովի որեւէ փաստաթուղթերու եւ ձայնագրութիւններու: Այստեղ խնդիր տեսաւ յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը: «Ես չհասկացայ, դուք ըստ ձեր ցանկութեա՞ն էք որոշելու ինչ-որ մի պահի մասնակցել, թէ՞ չէ: Էդպէս չի լինում», նշեց Քոչարեան:

Անդրանիկ Քոչարեան կը պնդէ, որ ընդդիմադիրներու պոյքոթը չի կրնար յանձնաժողովին նկատմամբ անվստահութիւն ստեղծել, բայց դժգոհ է գործընկերներու որոշումէն, նիստին նախորդած զրոյցներէն ինքը հետեւութիւն կատարած էր, թէ ընդդիմադիր պատգամաւորները կը փափաքէին մասնակցիլ նիստի աշխատանքներուն:

«Եթէ մեր ընդդիմադիր գործընկերները կամ Ռոպերթ Քոչարեանը թոյլ չտուեց, որպէսզի իրենք բաց ճակատով գան ու իրենց հետաքրքրող հարցերը ուղղեն ցանկացած պաշտօնեայի, ցանկացած փաստաթղթի հետ ծանօթանալու առումով, դա արդէն խօսում է, թէ ինչ որակի ընդդիմութիւն ունենք», յայտնեց նա:

Աւելի առաջ կը խօսուէր նաեւ յանձնաժողովի աշխատանքներուն արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները ներգրաւելու իշխանութեան ցանկութեան մասին: Այսօր յանձնաժողովի նախագահը պարզաբանեց, որ այդ հարցը յընթացս պիտի որոշուի. «Այս պահին որեւէ արտախորհրդարանական ուժ ներգրաւուած չէ»:

Յանձնաժողովի հետագայ նիստերը տեղի պիտի ունենան դռնփակ: Յանձնաժողովի լիազօրութիւններուն ժամկէտ սահմանուած է վեց ամիսը, որ կրնայ մէկ անգամ, յանձնաժողովին առաջարկութեամբ` Ազգային Ժողովին որոշմամբ երկարաձգուիլ եւս կէս տարիով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment