Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմութիւնը Պիտի Չմասնակցի 44-Օրեայ Պատերազմի Հանգամանքները Ուսումնասիրող Յանձնաժողովի Աշխատանքներուն

Ընդդիմութիւնը Պիտի Չմասնակցի 44-Օրեայ Պատերազմի Հանգամանքները Ուսումնասիրող Յանձնաժողովի Աշխատանքներուն

by MassisPost

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պիտի չմասնակցի իշխանական «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ին ստեղծած 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն: Այսինքն` յանձնաժողովին մէջ պիտի ըլլան միայն Անդրանիկ Քոչարեանի ղեկավարած Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի ՔՊ-ական 7 անդամները:

11 հոգինոց յանձնաժողովի անդամներուն գերակշիռ մեծամասնութիւնը իշխանականներն են, ընդդիմադիր «Հայաստան»ը 3 անդամ ունի, «Պատիւ Ունեմ»-ը` 1: Ըստ հաղորդագրութեան, յանձնաժողովին մէջ քննարկման առարկայ պիտի դառնան պարտութեան պատճառները, հայկական կողմի կորուստներուն, զինուորականներու գործողութիւններու գործնականութեան հարցերը, բանակցային գործընթացը:

Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարութիւն տարածեցին. իշխանութիւնները, ըստ անոնց, չեն կրնար առարկայականօրէն քննել իրենց իսկ գործողութիւնները, քննիչ յանձնաժողովը իշխանութիւններու «անմեղութեան բեմադրութեանն է լծուած լինելու». «Չնայած այս պարզ ճշմարտութեանը` իշխանութիւնը, որը հրապարակաւ յայտարարել է, որ աղէտալի պատերազմի հետեւանքների «թիւ մէկ մեղաւորը» եւ «թիւ մէկ պատասխանատուն» հէնց ինքն է, իր գլխաւորութեամբ ստեղծում է քննիչ յանձնաժողով: ԱԺ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերի մշտական յանձնաժողովը` իր նախագահութեամբ, որի կազմում գործելու է Քննիչ Յանձնաժողովը, առհասարակ զուրկ է որեւէ կերպ առարկայական լինելու հնարաւորութիւնից, այդ թւում` առկայ են մասնակցութեան անհնարինութեան հիմքեր յանձնաժողովի նախագահի պարագայում»:

«Ամէն ինչ անում են, որ յառաջանայ Քննիչ Յանձնաժողովի օրինականութեան հարց», յանձնաժողովի աշխատանքներուն չմասնակցելու ընդդիմութեան որոշման մէջ միտում կը տեսնէ իշխող ՔՊ-էն Պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Արմէն Խաչատրեանը. «Իշխանութիւնը չի կարող առարկայականութիւնը ապահովել, թէ թող դա անէր ընդդիմութիւնը: Չորս պատգամաւորներով գային, ամբողջ լիազօրութիւնները ունեն, նոյնչափ, ինչքան իշխանութիւնը: Նրանց ձեռնտու չի առարկայական իրականութեան պարզաբանմանը իրենք մասնակից լինեն: Նրանց ձեռնտու է, որ իրենք կարողանան հետագայում ցեխ շպրտեն, ներկայումս արդէն այդ հիմքերը պատրաստում են: Ցանկացած մեր եզրակացութեանը ասելու են` մենք չենք մասնակցել, սա իշխանութեան եզրակացութիւնն է: Ոչինչ, չեն մասնակցում` չեն մասնակցում: Քննիչ Յանձնաժողովից յետոյ մի հատ էլ քրէական դատավարական հոլովոյթներ են ընթանալու, իմ կարծիքով: Այդ ժամանակ կը հասկանանք ցեխ շպրտե՞լ ա սա, թէ՞ իրական, առարկայական հանգամանքներ պարզել է»:

Արմէն Խաչատրեանը ըսած էր, որ յանձնաժողովի աշխատանքներուն ներգրաւուած պիտի ըլլան նաեւ վարչապետ Փաշինեանի հետ պարբերաբար հանդիպող արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները:

«Արդար Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Նորայր Նորիկեան ըսաւ, որ մասնակցութեան առաջարկը իրենք կատարած են, վարչապետն ալ խոստացած է, որ կը ներգրաւեն: 11 ուժերէն 3-ին ներկայացուցիչներու օգտին քուէարկած են` Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար Սամուել Պապայեանի, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Դաւիթ Սանասարեանի եւ իր:

Բայց թէ ինչ կարգավիճակով պիտի աշխատին Քննիչ Յանձնաժողովին, դեռ ոչ յանձնաժողովէն կը յստակացնեն, ոչ ալ արտախորհրդարանականները գիտեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment