Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւան Կը ՀերքԷ Ատրպէյճանական Մարտական Դիրքերը Գնդակոծելու Պաքուի Պնդումները

Երեւան Կը ՀերքԷ Ատրպէյճանական Մարտական Դիրքերը Գնդակոծելու Պաքուի Պնդումները

by MassisPost

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերթական ապատեղակատուութիւն կ’որակէ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի` Քարվաճառի հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած Ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ, ըսուած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ «Փետրուար 11-ի առաւօտեան, ժամը 08:50-09:00-ի սահմաններուն, հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակոցներ արձակած են Պասարքեչարի շրջանի (Վարդենիսի շրջան) Եուխարի Շորճայի դիրքերէն Քելբաջարի (Քարվաճառի) շրջանի Զյայլիկ բնակավայրի ուղղութեամբ: Պատասխան գործողութեամբ կրակը դադրեցուած է: Իրավիճակը հիմա կայուն է»:

Աւելի առաջ, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտնած էր, որ առաւօտեան ժամը 05:50-ի սահմաններուն Արցախի Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ եւ Թաղավարդ համայնքներու հարեւանութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերէն կրակոցներ արձակուած են դիտարկուող բնակելի տուներու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment