Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վալերի Փեքրեսը Եւ Անն Իտալկօն Արտայայտուած Են Հայաստանի Օգտին Եւ Խստօրէն Դատապարտած Են Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը

Վալերի Փեքրեսը Եւ Անն Իտալկօն Արտայայտուած Են Հայաստանի Օգտին Եւ Խստօրէն Դատապարտած Են Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը

by MassisPost

Փարիզի Hôtel du Collectionneur-ի մէջ տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) ամէնամեայ ընթրիքը: Խորհուրդի համանախագահ (CCAF), «Nouvelles d’Arménie» ամսագրի խմբագիր Արա Թորանեան, անդրադառնալով ընթրիքին, նշեց, որ ընթրիքը մեծ յաջողութիւն ունեցած է, այն ցոյց տուած է  Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդին (CCAF) կշիռը Ֆրանսայի քաղաքական դաշտին մէջ:

ccaf-2

«Մենք կրցանք զօրաշարժի ենթարկել 460 հոգի, երկրի վերնախաւերէն` քաղաքական, մտաւոր, տնտեսական, մշակութային եւ այլն: Այդ եզակի իրադարձութիւն է հայկական Սփիւռքին մէջ, նաեւ Ֆրանսայի մէջ, քանի որ այստեղ որեւէ համայնք չունի գրաւիչ այս ուժը, բացի հրէական համայնքէն: Այդ միասնութեան յաղթանակն է, որուն մենք կրցանք հասնիլ: Բացի հանրապետութեան նախագահի  թեկնածուներէն, որոնց չփափաքեցանք հրաւիրել՝ մեր ընթրիքը ընտրական հանրահաւաքի չվերածելու համար, այնտեղ էին երկրին բոլոր մեծագոյն քաղաքական գործիչները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մշակութային տնտեսական խաղցողներ», ըսաւ Թորանեան` յստակացնելով, որ Վալերի Փեքրեսը հանդէս եկած է որպէս Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ, այլ ոչ որպէս նախագահի թեկնածու, նոյնը Անն Իտալկոյի պարագային է. «Երկուքն ալ արտայայտուեցան Հայաստանի օգտին եւ խստօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վերաբերմունքը: Ընդհանուր առմամբ, CCAF-ի այս 8-րդ ընթրիքը ամենայաջողն էր, եւ իր հզօրացման համար մեր կառոյցը պէտք է պահպանէ իր միասնութիւնը եւ պաշտպանէ զայն,  պէտք է զգոյշ ըլլայ, որ չդառնայ սեփական յաջողութեան զոհ: Մենք մեծ ուժային խաղադրոյքներ ստեղծած ենք, ինչ որ խանդ կ’առաջացնէ», ըսաւ ան:

Հայաստանը, Թորանեանի գնահատմամբ, CCAF-ի հետ ունի հզօր լծակ` պաշտպանելու իր շահերը Ֆրանսայի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment