Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատմութեան Նենգափոխումի Նորաձեւ Փորձ Մը

Պատմութեան Նենգափոխումի Նորաձեւ Փորձ Մը

by MassisPost

«Տէյլի Սապահ» Թերթի 30 Յունուար 2022 Յօդուածի  Լոյսին Տակ

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Թուրքիոյ «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը, որ տիրող իշխանութեանց մօտ եւ համակիր նկատուող հրատարակութիւն մը կը նկատուի, իր Անգլերէն կայքէջին վրայ 30 Յունուար 2022 թուականին  հրատարակած է «Երիտասարդ Թուրքերը, Հրէաները, Ազատ Որմնադիրները (Free Mason) եւ Հայերու Տեղահանութիւնը» խորագրով յօդուած մը՝  լրագրող Մէհմէթ Հասան Պուլութի ստորագրութեամբ։

Այս յօդուածը անցնող շաբթուայ ընթացքին հանդիսացած է թերթի ամէնէն շատ կարդացուած յօդուածներէն մին։

Յօդուածին մէջ տեղադրուած դիրքորոշումները թրքական ծանօթ ժխտողական թէզերը կը շարունակեն զարգացնել , անոնց վրայ աւելցնելով նոր հանգոյց մը եւս։ Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով Թուրք լրագրող մը, յանձինն Մէհմէտ Հասան Պուլութի, կը փորձէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերագրել տարբեր տարբեր յանցագործներու, ընթերցողի եւ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղեցնելու համար արարքի բուն գործադիր կողմերէն եւ մարմիններէն։ «Հայոց տեղահանութիւնը» կ՛ըսէ ան «բարդ պատմական հարց մըն է որուն մասնակից են իրարու զօդուած բազմաթիւ դերակատարներ՝ Ազատ Որմնադիրներէն մինչեւ Երիտասարդ Թուրքեր, Երիտասարդ Հայեր եւ տարբեր տարբեր Հրէական համայնքներ»։ Յօդուածի առանցքը կը կազմէ դաւադրական այն տեսութիւնը որ Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործները պէտք է փնտռել Օսմանեան կայսրութենէն դուրս, Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքի Հրէայ ինչպէս նաեւ Ազատ Որմնադիրներու շրջանակներուն մէջ …..։

Ոմանց համար ծանօթ ժողովրդային առասպել մը, իսկ ուրիշներուն համար անվիճելի իրականութիւն մը։

Յստակ է որ Թուրքիոյ ներկայ պայմաններուն մէջ ազատ լրագրութիւն եւ մամուլ գոյութիւն չունի։ Նախագահ Թայյիպ Րէճէպ Էրտողանի վարչակարգը ամբողջովին իրեն ենթակայ դարձուցած է Թուրք մամուլը, բերանակապ ըրած է զայն եւ հոն արտայայտուող միտքերը կ՛արտացոլացնեն վարչակարգի հայեցակէտերը եւ առաջնահերթութիւնները։

jpost

Այս յօդուածին միակ հակազդեցութիւնը եկաւ Իսրայէլէն։ Արդարեւ «Ժէրուզալէմ Փոսթ» օրաթերթը իր 1 Փետրուար 2022 թուականի կայքէջին վրայ Պուլութի յօդուածին կը հակադարձէր պախարակելով անոր տուն տուող տրամադրութիւնները եւ «հակասեմական» որակելով պատմութեան խեղաթիւրումի թրքական այս նորաձեւ փորձը։

Պուլութի վարկածը կը հիմնուի հին Վենետիկի քաղաքական անցեալի եւ անոր հակա-Օսմանեան  գործունէութեան վրայ ։ Պուլութ իր թէզը զարգացնելու համար երկար պտոյտ մը կ՛ընէ Վենետիկի պատմութեան նրբանցքներուն մէջ հոն հանդիպելով, ի միջ այլոց, Մխիթարեան Միաբանութեան, եւ այդ կրօնական եւ մշակութային եղբայրակցութիւնը կը զրպարտէ Օսմանեան կայսրութեան դէմ տարած «ազգայնական գործունէութեան» մեղքով։ Միաժամանակ ան Վենետիկ ապրող Հրէայ ազդեցիկ անձնաւորութեանց եւ Ազատ Որմնադիրներու միջեւ կը գտնէ  համախոհական տրամադրութիւններ եւ կապ մը կը գտնէ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք իշխանութեան հասած եւ ծնունդով Հրէայ բայց թրքացած պետական աւագանիի հակահայ տրամադրութեանց միջեւ։ Մէկ խօսքով Պուլութ լափիւրինթոսային եւ խճխճուած տրամաբանութեան մը  վրայ հիմնուած վարկած մը կը հետապնդէ ցոյց տալու եւ փաստելու համար որ 20-րդ դարու սկիզբին պատահած (իր բնորոշումով) «Հայոց  տեղահանութիւնը»  մշակուած եւ գործադրուած է վերոյիշեալ ոչ-Թուրք կողմերու եւ անհատներու  դաւադիր մեղսակցութեամբ։

Ինչու՞ այս յօդուածը ուշագրաւ բնոյթ մը կը կրէ ։

Արդարեւ, այս յօդուածը առաջին անգամ ըլլալով Թուրք մամուլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան   արարքը կը կապէ Օսմանեան կայսրութենէն դուրս գտնուող օտար ոյժերու հետ։

Յօդուածին մէջ պատմական փաստերու, ճշդուած աղբիւրներու եւ կամ գիտական տեսութեանց պարզաբանումի ոչ մէկ ջանք կայ։ Եղածը պարզապէս ժողովրդային բանահիւսութեան մէկ նմոյշ մըն է, դիտաւորեալ տրամաբանութեան մը վրայ հիմնուած շարադրութիւն մը ուր դաւադրական բաղադրութիւնը աւելի ծանր կը կշռէ քան թէ գիտական ճշգրտութիւնը։

Այդ տեսակէտէն այս յօդուածը Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական նենգափոխումի փորձը նոր հարթակի մը վրայ կը դնէ։

Արդարեւ, վերջին տասնամեակին, եւ մանաւանդ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի նախագահական պաշտօնին տիրանալէն ի վեր , Թուրք պաշտօնական շրջանակներու կողմէ լայնածաւալ եւ ծրագրուած պայքար մը շղթայազերծուած է , հրապարակային եւ տեղեկատուական միջոցներով «ցեղասպանական» բնորոշումէն պարպելու 1915-1920 տարիներու ընթացքին Հայոց դէմ ծրագրուած ցեղային սպանդը եւ անոր տալու պատերազմական վիճակի հետեւանք եղող եւ «երկողմանի բախումներու» ընթացքին պատահած «ցաւալի մարդկային զոհերու» պատմութիւն մը։ Մեծ Եղեռնի օրուան յիշատակութեան առիթով Հայութեան ուղղուած իր առաջին ցաւակցական գիրին մէջ  24 Ապրիլ 2014 թուականին Թուրքիոյ այժմու նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը խօսէր այս դէպքերէն ծնունդ առած  «հասարակաց ցաւի մը» մասին յոյս յայտնելով որ «զոհերը ի վերջոյ խաղաղութիւն կը գտնեն» ։

Այս տեղեկատուական պայքարը , որ հետեւողական քաղաքականութեան մը արդիւնք է, մի քանի նպատակներ կը հետապնդէ ։ Ակներեւ է որ այսպիսի տեղեկատուական պայքարով Թուրքիա կը փորձէ նսեմացնել Հայոց Ցեղասպանութեան արարքը զանազան պատճառաբանութիւններ առաջ քաշելով այդ հարցի քննարկումը եւ անոր յաջորդող հաւանական հատուցումի հարցը թաղելու, եւ զանազան բացատրութիւններով տարրալուծելու եւ միջազգային կարծիքին ներկայացնելու իր մեկնութիւնը որ կապ կապ չունի փաստական եւ պատմական տուեալներու հետ, պարզապէս իր  ռազմավարական եւ արտաքին յարաբերութիւններու աշխարհը զերծ պահելու բարդութիւններէ եւ դժուարութիւններէ։ Միաժամանակ Թուրքիա այս հետեւողական եւ անտեղիտալի պայքարով կը փորձէ սփիւռքահայ պահանջատիրական կամքի դիմացկունութիւնը եւ ձգտումը խորտակել անարդիւնք հարցի մը վերածելով Հայ Դատի էութիւնը եւ անոր հետապնդումը։ Թուրքիա այնպէս կը հաւատայ թէ ուշ կամ կանուխ սփիւռքահայութեան նորանոր սերունդները պիտի յոգնին անարդիւնք համարուող հարց մը հետապնդելէ եւ պատմութեան էջերուն պիտի վերադարձնեն  «ցաւալի դէպք» մը որուն յիշատակումը ոեւէ մէկուն շահ չի բերէր ։

Հակահայ այս պայքարը կը զարգանայ նաեւ տարբեր ուղղութեամբ ։ Թուրքիա տարիներէ ի վեր Միջին Արեւելքէն ներս քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն մը կը ծաւալէ եւ կը փորձէ  շրջանի Իսլամական կապերը շահագործել հոն եղող եւ գործող հայ համայնքներու հանդէպ տեղի բնակչութեան մօտ թշնամական տրամադրութիւններ հրահրելու, եւ այդ ձեւով հակակշռելու անոնց Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները ինչպէս նաեւ ազդեցութիւնը տեղական մարզերէն ներս։ Անոնք որ մօտէն կը հետեւին մասնաւորաբար Լիբանանեան կեանքի ներքին զարգացումներուն կրնան վկայել կարգ մը շրջանակներու հակահայ տրամադրութեանց եւ արտայայտութիւններուն, որոնք զարգացած են մասնաւորաբար ելեկտրական ոյժանիւթի, դպրոցական ցանցերու եւ առողջապահական եւ բժշկական կենդրոններու  Թուրքիոյ նիւթական ներդրումներուն  եւ ֆինանսաւորումին շնրոհիւ։

Թուրքիա կրցաւ նաեւ Հայաստանի շրջափակումի քաղաքականութեան շնորհիւ տկարացնել Հայաստանը եւ 2020-ի աշնան տեղի ունեցած Արցախեան ողբերգութեան ընթացքին Ատրպէյճանի ընծայած զինուորական կարեւոր աջակցութեան եւ միջամտութեան միջոցաւ ծանր հարուած մը հասցնել  Հայաստանի եւ հայութեան, նեղ վիճակի մատնելով Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը որ այժմ կը փորձէ օտար պետութիւններու քաջալերանքով,եւ կնքահայրութեամբ, բանակցութեանց ճամբով իր յարաբերութիւնները բարելաւել եւ կարգաւորել հարաւային Կովկասէն ներս, դուրս գալու համար կորսուած եւ անյաջող պատերազմի մը պարտադրած վնասներէն , ինչպէս նաեւ ջլատիչ շրջափակումի  մը կաշկանդումներէն ։

Արցախեան ողբերգութենէն ետք  բանակցային այս զարգացումները իրենց բազմակողմանի երեսներով կրնան խորացնել եւ շեշտաւորել պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած բարոյական եւ մտաւորական բեկումը Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ , ու պատճառ դառնալ  աւելի խորունկ ճեղքի մը գոյառումին, երեւոյթ մը որ միայն վնաս կրնայ հասցնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի եւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ անոնց բարւոք լուծման կարելիութիւններուն։ Արցախեան ողբերգութենէն ետք շշմած է Սփիւռքահայութիւնը եւ շշմած են անոր կառոյցները։ Մեզմէ ոչ ոք ցոյց կրնայ տալ ապագայի ուղին եւ կամ այն ուղղութիւնը որուն պէտք է հետեւիլ։

Ահա թէ ինչու Մէհմէտ Հասան Պուլութի այս յօդուածը ուշագրաւ զարգացում մըն է։ Ակնյայտ ջանք կայ բացատրելու հանրութեան,առ որ անկ է, որ Թուրքերը հայերու հանդէպ աւանդական թշնամութիւն չեն սնուցաներ եւ թէ այդ թշնամութեան հեղինակները պէտք է փնտռել այլուր եւ թէ գործնական նկատառումներէ ելլելով «ժամանակը հասած է Թուրքիա- Հայաստան հաշտութեան»։

Ակնյայտ է թէ Թուրքիա վերջին երկու տարիներուն Հայաստանի եւ հայութեան հետ իր յարաբերութիւններուն ՚մէջ կարեւոր յաղթանակներ արձանագրած է հակառակ այն ջանքերուն որոնք իրագործուած են անցնող տասնամեակներուն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու համար։ Թուրքիան պիտի ջանայ այդ յաջողութիւններուն վրայ նոր յաթղանակներ ապահովել եւ ամէն կարողութիւնները ի գործ դնել իրմէ հեռացնելու ոեւէ վտանգ որ կը սպառնայ իր ամբողջականութեան, միջազգային իր յարաբերութիւններուն, իր նիւթական եւ տնտեսական կառոյցներուն եւ շահերուն։

Մինչ այդ Հայ սփիւռքը կը գտնուի դժուար կացութեան մը առջեւ։ Աւելի ճիշդը կը գտնուի մօտեցող տագնապի մը եւ դժուարութեանց սեմին։

Սփիւռքը Ի՞նչպիսի դիրք կրնայ բռնել իր քթին տակ ձեւաւորուող զարգացումներուն ի տես։ Արդեօ՞ք  ի վիճակի է ապագայ դէպքերու ընթացքը եւ զարգացումը հակակշռելու եւ հունաւորելու ի նպաստ իրեն՝ իր շահերէն եւ ակնկալիքներէն մեկնելով։

Կասկած չի կայ թէ սփիւռքը իր ներկայ կառոյցային, կազմակերպչական,նիւթական եւ գործադիր  մարմիններու կարողականութեամբ սահմանափակ ոյժ մըն է որ կը տկարանայ ամէն օր ։ Սփիւռքը իր սիրողական եւ կամաւոր ծառայութեամբ շարժող եւ գործող մարմիններու գործունէութեամբ ո՛չ կարողութիւնը, ո՛չ փորձառութիւնը եւ ո՛չ ալ նիւթական կարողութիւնն ու միջոցները ունի ներկայիս Թուրքիոյ դէմ համապատասխան պայքար մը մղելու հիմնական եւ ռազմավարական  մարզերէ ներս։ Սփիւռքը պէտք է ներքին գիտակցութենէ մղուած, անցեալի լուրջ սխալներէն իմաստացած կառոյցով մը քով քովի գայ եւ ամէն անհատական, կազմակերպչական, դաւանական կամ քաղաքական բաժանումներէ եւ տարակարծութիւններէ ազատուած իր ամբողջ ոյժերը ի մի հաւաքէ եւ զինուորագրէ հատուցումի հարթակի հասցնելու Հայ Դատի պահանջքի ձեւաւորումն եւ գործնականացումը։ Իմաստ չունի այլեւս միջազգային ճանաչումի աշխատանքին համար յաւելեալ ջանքեր թափել եւ սուղ միջոցներ վատնել բարոյական յաղթանակը աւելի հիմնաւորելու համար, երբ աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնները այդ ճանաչումի ճամբան կտրած են արդէն եւ իրենց խօսքը ըսած այդ ուղղութեամբ։ Մեր դիմացը ունինք դարերու փորձառութեամբ հարստացած պետականութիւն մը , բնակչային մեծ քանակով, տնտեսական եւ ռազմական նկատառելի միջոցներով օժտուած, քիչ թէ շատ արդի պետութիւն մը բոլոր ստորոգելիներով  հզօրացած եւ  որ գիտակից է իրեն սպառնացող վտանգներուն։ Այս պետութիւնը  չի վարանիր իր ամէն միջոցները եւ կարողականութիւնը ի գործ դնելու իր նպատակին հասնելու համար։ Այսպիսի ոյժի մը դիմաց ո՛չ անցեալին ո՛չ ալ ներկայիս հայութիւնը անջատաբար ունեցած է կարողականութիւնը  ինքզինք պաշտպանելու ուր մնաց ռազմավարական կացութիւն մը ի նպաստ իրեն փոխելու կամ բարելաւելու։ Այս կացութեան մէջ հարկ է մտածել եւ գտնել այն միջոցը կամ միջոցները որոնք կրնան մեր սահմանափակ ոյժերուն առաւելագոյն կարողականութիւնը ընծայել մեր նպատակին հասնելու համար։ Եթէ տակաւին մարդիկ կան որ կը հաւատան թէ իրենց կազմակերպութիւնը, իրենց միութիւնը կամ իրենց կուսակցութիւնը լոկ կրնայ առանձիին ի գլուխ հանել այս գործը չարաչար կը սխալին։ Անցեալի դառն փորձառութիւնը կը փաստէ որ մեծ գործերը մեծ պահանջնքեր կը ներկայացնեն եւ սիրողական աշխատանքը, կամ անսակարկ նուիրումը չէ որ անպայման մտածուած կամ երազուած արդիւնքը կու տայ։

Հիսթըն,  6 Փետրուար  2022

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment