Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԱԳՆ-ն Արձագանգած Է Լուքաշենքոյի Յայտարարութիւններուն

ՀՀ ԱԳՆ-ն Արձագանգած Է Լուքաշենքոյի Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը արձագանգած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի Հայաստանի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն: ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեան, լրատուամիջոցներու հարցերուն ի պատասխան, Պելառուսիոյ նախագահին յայտարարութեան արձագանգածէ հետեւեալ կերպ.

«Համոզուած ենք, որ Պելառուսիոյ նախագահի աշխարհաքաղաքական ինքնատիպ վերլուծութիւնները նպատակ ունեն սպասարկելու առաջին հերթին սեփական ներքին քաղաքական օրակարգը եւ որեւէ առնչութիւն չունեն Հայաստանի եւ նրա արտաքին քաղաքականութեան հետ»:

Հայաստանի մէջ Պելառուսիոյ դեսպանը այցելած է Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն, տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը` չտալով յաւելեալ մեկնաբանութիւններ, թէ արդեօք Ալեքսանտր Քոնիւքը կանչուա՞ծ է նախարարութիւն, եւ թէ Պելառուսիոյ նախագահին յայտարարութիւններով պայմանաւորուած բողոքագիր յղուա՞ծ է:

«Հայաստանը փախչելու տեղ չունի, կը կարծէ՞ք թէ իրենք ինչ-որ մէկուն պէտք ե՞ն, իրենք արդէն տեսած են, Նիկոլ Վովաեւիչը այդ արդէն տեսած է»: Տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, ընդ որում` ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի դաշնակից Պելառուսիոյ նախագահը այսպէս արտայայտուած է` հիմնաւորելով կարծիքը, որ Հայաստանը եւս մաս պիտի կազմէ Միութենական պետութեան, որ, անոր կարծիքով, յառաջիկայ տարիներուն իրականութիւն պիտի դառնայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment