Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեծն Բրիտանիան Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրը Լուծուած Չի Համարեր

Մեծն Բրիտանիան Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրը Լուծուած Չի Համարեր

by MassisPost

Միացեալ Թագաւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած չի համարեր եւ կը փափաքի խնդիրը լուծուած տեսնել համապարփակ խաղաղ կարգաւորման միջոցով` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքոյ ընդունուած հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ: Հայաստան-Մեծն Բրիտանիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Կալակերը` ընդգծելով, որ Բրիտանիան լիովին կ’աջակցի Մինսքի խմբակի ամերիկացի, ֆրանսացի եւ ռուս համանախագահներու ջանքերուն եւ կողմերը կը խրախուսէ կառուցողականօրէն ներգրաւուելու բանակցային գործընթացին մէջ:

Խօսելով հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու պատմութեան, վերջին երեք տասնամեակներուն իրականացուած աշխատանքին եւ ընթացիկ աշխուժութեան մասին, Նորին Մեծութիւն Էլիզապէթ Բ.-ի դեսպանը գոհունակութեամբ արձանագրած է երկկողմ կապերու աճը առեւտուրի ոլորտին, մշակութային կեանքին եւ մարդոց միջեւ, ինչպէս նաեւ` կանաչ զարգացման ու կլիմայի փոփոխութիւնը դիմագրաւելու յաւակնոտ մօտեցումներուն աջակցելու բնագաւառին մէջ:

Դեսպան Կալակերը երկկողմ յարաբերութիւններու հիմքին գտնուող իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը կը համարէ իր եւ Հայաստանի մէջ իր ղեկավարած դեսպանութեան կարեւոր առաջնահերթութիւնը: Այս ծիրին մէջ, ան տեղեկացուցած է, որ բրիտանական կառավարութիւնը այժմ կ’աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` վերջնական տեսքի բերելու Միացեալ Թագաւորութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որ կ’ընդգրկէ երկկողմ հարցերու ամբողջ շրջանակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment