Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Թուրքերը Անշարժ Գոյք Ունին, Ռազմավարական Կարեւոր Առարկաներ Չկան Այդ Ցանկին Մէջ. Վահան Քերոբեան

Հայաստանի Մէջ Թուրքերը Անշարժ Գոյք Ունին, Ռազմավարական Կարեւոր Առարկաներ Չկան Այդ Ցանկին Մէջ. Վահան Քերոբեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ թուրքերը անշարժ գոյք ունին: Այս մասին յայտարարեց տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը` անդրադառնալով լուրերուն, թէ վերջին շրջանին թուրքերը Հայաստանի մէջ դրամագլուխ ձեռք կը բերեն:

«Միշտ եղել է, օրինակ` անշարժ գոյք, ընկերութիւններ», ըսաւ Քերոբեան:

Տնտեսութեան նախարարը վստահեցուց, որ ռազմավարական կարեւոր առարկաներ այդ ցանկին մէջ չկան:

Վահան Քերոբեան յայտնեց, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը այդ առումով Թուրքիոյ համար միշտ բաց եղած է, բացի 2021 թուականէն, երբ կառավարութիւնը թրքական ապրանքներու ներմուծման նկատմամբ արգելք կիրառեց:

«Եթէ գնաք «Փեթակ», այնտեղ ժողովուրդը 10 տարի առաջ էլ բաւական գործնական յարաբերութիւններ է ունեցել իրենց թուրք գործընկերների հետ», ըսաւ Քերոբեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment