Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Նախագահի Պաշտօնին՝ Արմէն Սարգսեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցան

ՀՀ Նախագահի Պաշտօնին՝ Արմէն Սարգսեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցան

by MassisPost

Հայաստանի նախագահի պաշտօնին՝ Արմէն Սարգսեանի լիազօրութիւնները դադրեցան: Ազգային Ժողովի խօսնակ Ալէն Սիմոնեան ստորագրած է համապատասխան արձանագրութիւնը:

Ըստ Սահմանադրութեան` ՀՀ նախագահի պաշտօնանկութեան, լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութեան, հրաժարականի կամ մահուան պարագաներուն, մինչեւ նորընտիր նախագահին կողմէ պաշտօնի ստանձնումը, հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային Ժողովի նախագահը:

Արմէն Սարգսեանը Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն հրաժարական տալու որոշման մասին յայտարարեց Յունուար 30-ին, յաջորդ օրը Ազգային Ժողովը արդէն ստացած էր անոր հրաժարականը:

Սահմանադրութեան համաձայն` ՀՀ նախագահի պաշտօնանկութեան, լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութեան, հրաժարականի կամ մահուան պարագաներուն, նախագահի պաշտօնը թափուր մնալէն ոչ շուտ քան 25, եւ ոչ ուշ քան 35 օր յետոյ տեղի կ’ունենան նախագահի արտահերթ ընտրութիւն:

Ամենայն հաւանականութեամբ, նոր նախագահի ընտրութիւնը կրնայ տեղի ունենալ Փետրուար 25-էն սկսեալ տասը օրուայ ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment