Home ՍՓԻՒՌՔ Թուզլայի Քեմբ Արմէնը Կը Վերակառուցուի

Թուզլայի Քեմբ Արմէնը Կը Վերակառուցուի

by MassisPost

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կ’ողջունէ Թուզլայի Քեմբ ԱՐՄԷՆի վերակառուցման լուրը եւ պատրաստ է աջակցելու անոր վերաշինութեան աշխատանքներուն։

1962-ին Պոլսոյ Թուզլայ շրջանին մէջ գտնուող հողատարածքը գնուած էր Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Հիմնարկին կողմէ եւ անոր վրայ կառուցուած Քեմբ ԱՐՄԷՆը։ 1974-ին Քրիստոնէական կազմակերպութիւններու պատկանող բազմաթիւ անշարժ գոյքեր բռնագրաւուեցան երկրի քաղաքական մթնոլորտին պատճառով՝ ազդուած երկրէն դուրս գտնուող քաղաքական շարժումներէ։ Քեմբի հողատարածքը այն անշարժ գոյքերէն մէկն էր, որ բռնագրաւուեցաւ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ։

2015-ին՝ Նախագահին համաձայնութեամբ եւ այն ժամանակաշրջանի Վարչապետին յանձնարարութեամբ, 8,600 մ2 անշարժ գոյքի 4,715 մ2 մասը վերադարձուեցաւ Կէտիկ Փաշայի Եկեղեցիի Հիմնարկին՝ Թուզլայի Քաղաքապետին կողմէ։ Այս հողամասի վերադարձէն անմիջապէս ետք աշխատանքները սկսան արագ։ Աւարտուեցաւ նոր ճարտարապետական յատակագիծը, ստացուեցաւ արտօնութիւն, եւ շուտով պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները։ Քեմբ ԱՐՄԷՆի նոր յատակագիծը կը պահպանէ իր որբանոցի բնոյթը, պիտի ծառայէ որպէս «Երիտասարդական եւ Տեղեկատուական Կեդրոն» եւ պիտի գործէ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Ներկայիս կապ հաստատուած է համապատասխան մարմիններուն հետ՝ Թուզլայի Քաղաքապետարանին մօտ մնացած Քեմբ ԱՐՄԷՆի պատկանող անշարժ գոյքի մնացեալ հողատարածքի վերադարձին համար։

«Քեմբ ԱՐՄԷՆը առաջին եւ միակ Քեմբը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ, որ պիտի գործէ որպէս զարգացման կեդրոն՝ ամէն ամիս ծառայելով մեր համայնքին՝ ընկերային, մշակութային եւ կրօնական միջոցառումներով՝ վերապատրաստուած կամաւորներու օգնութեամբ» ըսաւ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու՝ հովիւը Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։ Քեմբ ԱՐՄԷՆը հիմնուեցաւ 1962-ին՝ երեխաներու կողմէ, որոնց փոքրիկ ձեռքերը ջուր, աւազ եւ աղիւսներ կռեցին։ Անոնք բառացիօրէն գրեցին Քեմբի գոյութեան պատմութիւնը։ Անոնք Քեմբը յուշարձանի մը պէս կառուցեցին եւ զայն անուանեցին Քեմբ ԱՐՄէՆ։ Անոնք իրենց ետին թողուցին անմոռանալի հոգեւոր ժառանգութիւն մը, որ երբեք պիտի չմոռցուի։ Մենք ալ որպէս այսօրուան երէցներ, նոյն ոգիով կեանքի կոչենք Քեմբ ԱՐՄԷՆը։  “Կործանուեցանք, բայց չկորսուեցանք, միշտ պիտի ըլլանք” ըսելով կենդանացնենք Քեմբ ԱՐՄէՆը մեր կամաւոր ներդրումներուն շնորհիւ եւ ապրեցնենք զայն իր անցեալի պատմութիւններով»։

«Հրանդ Կիւզէլեանի առաջնորդութեան ներքեւ Քեմբ ԱՐՄէՆը իսկապէս օրհնութիւն դարձաւ Անատոլիայի հարթավայրերէն եկող բազմաթիւ հայորդիներու, ներառեալ Հրանդ Տինքը եւ անոր տիկինը՝ Ռաքել։ Մենք կը յուսանք եւ կ’աղօթենք, որ նոր Ճամբարը պիտի շարունակէ օրհնութիւն ըլլալ Հայ երիտասարդութեան նոր ալիքի մը ամէն անկիւններէ, ներառեալ Անատոլիայէն» ըսաւ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան։

Վերջերս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան օժանդակութեամբ Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կատարեց կարգ մը հիմնական վերանորոգման աշխատանքներ։ Եկեղեցական գործունէութիւններէն բացի, Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ կը գործէ Հրանդ Տինքի անուան դպրոցը։ 2003-ին հիմնուած այս դպրոցի հիմնական նպատակն է Հայաստանէն ժամանակաւորապէս Պոլիս հաստատուած ընտանիքներու երեխաներուն համար փոքրիկ Հայրենիք մը ստեղծել՝ անոնց տալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն, մինչեւ գայ այն օրը, երբ անոնք կը վերադառնան Հայաստան եւ իրենց ուսումը կը շարունակեն հայրենիքին մէջ։

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցաւ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment