Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Աւելին Պէտք Է Ընեն` Յաղթահարելու Անցեալի Եւ Հակամարտութեան Ժառանգութիւնը. Քլաար

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Աւելին Պէտք Է Ընեն` Յաղթահարելու Անցեալի Եւ Հակամարտութեան Ժառանգութիւնը. Քլաար

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը կ’ողջունէ Հայաստանի վարչապետին վերջին յայտարարութիւնները՝ տարածաշրջանի ապագային շուրջ անոր տեսլականին, դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հակամարտութեան մասին:

«Ազատութեան» տուած գրաւոր մեկնաբանութեան մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, հեռանկարային որակելով վերջին ասուլիսին Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումները, միեւնոյն ժամանակ կ’ընդգծէ, որ կողմերը շատ աւելին պէտք է ընեն` յաղթահարելու անցեալի եւ հակամարտութեան ժառանգութիւնը:

«Սա իսկապէս երկար, բայց անշուշտ վճռորոշ գործընթաց է, որ պէտք է ներգրաւէ երկու կողմերու հասարակութիւնները: Ինչպէս բազմիցս ըսուած է, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամ է կատարելու իր դերը եւ պատրաստ է մեր գործընկերներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ միասին նպաստելու այդ ջանքերուն: Մեր աշխատանքին կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է ապահովել դրական միջավայրի ստեղծումը, որ պիտի նպաստէ տարբեր բանակցութիւններու յառաջընթացին, ընդ որում` կոչ ընելով կողմերուն՝ մեղմացնելու իրենց հռետորաբանութիւնը», գրած է եւրոպացի դիւանագէտը:

Քլաարը, որ անցեալ շաբաթ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ այցելած էր նախ Պաքու, ապա՝ Երեւան, նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ քննարկած է տարբեր ուղղութիւններով Եւրոմիութեան հետագայ ներգրաւուածութեան առնչուող հարցեր. «Անցեալ շաբաթ մեր քննարկումները դրական էին, եւ մենք անհամբեր կը սպասենք կողմերուն հետ մեր ներգրաւուածութիւնը շարունակելու` օգնելու անոնց կառուցելու անվտանգ, կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկաս»:

Հայկական կողմի հաղորդագրութիւններուն համաձայն, Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Քլաարի գլխաւորած առաքելութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի շուտափոյթ մեկնարկն ու այդ նպատակով համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորումը, միտքեր փոխանակուած են Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահին, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին ու Ֆրանսայի նախագահին միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումներուն արդիւնքներուն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment