Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Նախագահը Ընդունած Է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչը

Թուրքիոյ Նախագահը Ընդունած Է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Չանքայայի նախագահական պալատին մէջ ընդունած է Հայկական Հիմնադրամներու Միութեան եւ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն:

Շիրինօղլուն թրքական «Akşam» թերթին պատմած է հանդիպման մասին` նշելով, որ Էրտողանի հետ շատ դրական ու մտերիմ յարաբերութիւններ ունին, եւ ամէն տարի նման հանդիպումներ կ’ունենայ նախագահին հետ, այս ալ անոցնմէ մէկն էր:

Շիրինօղլուի խօսքով` մօտ 45 վայրկեան ջերմ զրոյց ունեցած են Էրտողանի հետ, քննարկուած են համայնքային հիմնադրամներու ղեկավարութեան ընտրութիւններուն հետ կապուած կանոնադրական հարցեր: «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու թեման օրակարգին մէջ եղած չէ: Այս հարցը իր հունով կ’ընթանայ, բոլորին նման մենք ալ ուշադիր կը հետեւինք զարգացումներուն», ըսած է ան:

Թուրքիոյ հայ համայնքի առաջնորդներէն Պետրոս Շիրինօղլուն յայտնի է իշխանութիւններուն եւ անձամբ նախագահ Թայիպ Էրտողանի հետ սերտ յարաբերութիւններով: Զայն պարբերաբար կարելի է տեսնել նախագահականին կողմէ կազմակերպուած տարբեր միջոցառումներու եւ ընդունելութիւններու ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment