Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախապայմանները Կրնան Հետագային Օրակարգ Գալ, Բայց Ոչ Այս Փուլին. Անգարայի Համալսարանի Փրոֆեսոր

Նախապայմանները Կրնան Հետագային Օրակարգ Գալ, Բայց Ոչ Այս Փուլին. Անգարայի Համալսարանի Փրոֆեսոր

by MassisPost

Անգարայի համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններ իրականացնող փրոֆեսոր Եըլտըզ Տեւեճի Պոզքուշը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-թրքական կարգաւորման բանակցութիւններուն, չի բացառեր, որ նախապայմանները կրնան հետագային օրակարգ գալ, բայց ոչ այս փուլին:

Շուրջ երկու շաբաթ առաջ Մոսկուայի մէջ հայ եւ թուրք բանագնացներու առաջին հանդիպումէն յետոյ կողմերը յայտարարեցին, որ համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները` առանց նախապայմաններու:

«Կարգաւորման գործընթացին մէջ յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումը շատ կարեւոր էր, քանի որ գիտենք, որ երկար տարիներէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ շատ խնդիրներ կան եւ դիւանագիտական կապեր չունինք: Բանագնացներու նշանակումէն յետոյ արդէն յաջորդ փուլերուն նաեւ այլ քայլեր պիտի ձեռնարկուին ընդհուպ մինչեւ դեսպանութիւններու բացում: Կը կարծեմ շատ կարեւոր է, որ սկզբնական փուլին բանակցային սեղանին նախապայմաններ չկան, քանի որ կարգաւորման նախորդ փորձերու` ֆութպոլային դիւանագիտութեան, ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն ժամանակ նախապայմաններու պատճառով յառաջընթաց չեղաւ», կ’ըսէ Պոզքուշ:

Անգարան մշտապէս կը յայտարարէ, որ Երեւանի հետ կարգաւորման քայլերը պիտի համակարգէ Պաքուի հետ: Փրոֆեսորին կարծիքով, հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները թէեւ զուգահեռ չեն, բայց փոխկապակուած են.  «Երեւանի ու Պաքուի յարաբերութիւններուն բարելաւումը անկասկած պիտի ազդէ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ: Այդ պատճառով ալ Երեւանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելով նոյն կերպ ալ պէտք է Պաքուի հետ կարգաւորման երթայ եւ ուշադիր ըլլայ այս հարցին մէջ: Չենք կրնար ըսել, որ այս գործընթացները ամբողջովին իրար կապուած են, բայց Թուրքիան ամենասկիզբէն յայտարարած էր, որ անոնք պէտք է փոխհամաձայնեցուած ընթանան»:

Անգարայի համալսարանի դասախօսը լիարժէք կարգաւորման ճանապարհի արգելքներէն կ’առանձնացնէ Ռուսաստան-Արեւմուտք հակասութիւնը, որ կրնայ բացասաբար ազդել հայ-թրքական երկխօսութեան վրայ. «Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին Ռուսաստանը յաջողած էր Արեւմուտքը լիովին դուրս թողել գործընթացէն: Հիմա հակառակ պատկերն է. Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոմիութեան երկիրները կը ձգտին ներգրաւուիլ այս հոլովոյթին մէջ եւ կը յայտարարեն, որ կ’ողջունեն կողմերուն՝ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը: Սակայն այս երկու բեւեռներուն` Ռուսաստանի ու Արեւմուտքի հակասութիւնները հնարաւոր է բացասաբար ազդեն հայ-թրքական գործընթացին վրայ: Սակայն այս պահուն երկու կողմն ալ կ’աջակցի կարգաւորման»:

Պոզքուշի կարծիքով, թէեւ կարգաւորման գործընթացին մէջ վստահութեան բարձրացման համար կողմերը նախ շեշտը պէտք է դնեն տնտեսական ու առեւտրային կապերու հաստատման վրայ, բայց կարեւոր է նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու երկխօսութիւնը. «Գուցէ առեւտրային, տնտեսական, մշակութային շարք մը քայլեր ըլլան, երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւնները ներգրաւուին, Երեւանի եւ Անգարայի համալսարաններու, գիտնականներու միջեւ համաժողովներ, հանդիպումներ կրնան ըլլալ: Այս գործընթացին մէջ նաեւ կարեւոր է մամուլի լեզուն, այդ պատճառով ալ երկու երկիրներու լրագրողները եւս կրնան շփումներ ունենալ: Մամուլի, համալսարաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան քայլեր կրնան ըլլալ, բայց կը կարծեմ շեշտը պիտի դրուի տնտեսական եւ առեւտրային քայլերու վրայ»:

Յիշեցնենք, որ վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած էր, որ բանագնացներու յաջորդ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին վստահութեան բարձրացման միտուած քայլերը: Ուշագրաւ է, որ թրքական «Daily Sabah»-ը, յղում ընելով դիւանագիտական աղբիւրներուն, նախօրէին գրած էր, որ հայ եւ թուրք բանագնացներու մոսկովեան հանդիպումէն յետոյ Անգարան կը ձգտի, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ:

Բանագնացներու երկրորդ հանդիպման ամսաթիւին եւ վայրին մասին առայժմ յայտարարուած չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment