Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փտածութեան Ընկալման 2021-Ի Ցուցակ․ «Հայաստանը՝ Յաջողութեան Օրինակ»

Փտածութեան Ընկալման 2021-Ի Ցուցակ․ «Հայաստանը՝ Յաջողութեան Օրինակ»

by MassisPost

«Թրենսփերընսի Ինթերնեշընըլ» միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը հրապարակած է փտածութեան ընկալման 2021 թուականի համաթիւը: Կառոյցի փորձագէտները կը նշեն, որ աշխարհի մէջ երկու տարիէ մոլեգնող COVID-19 համավարակի ընթացքին փտածութեան ընկալումը գործնականին մէջ մնացած է նոյն մակարդակին:

Այս զեկոյցին մէջ ամփոփուած են 180 երկիրներու տուեալները: Չնայած պետական այրերու տուած խոստումներուն` 131 երկիրներու մէջ էական յառաջխաղացում չէ արձանագրուած, 27 երկիրներ փտածութեան ընկալման առումով անցեալ տասնամեակին մէջ իրենց ամենացած միաւորները արձանագրած են:

Այս ցուցակով երկիրները կրնան ստանալ 0-էն մինչեւ 100 միաւոր: Որքան բարձր է ցուցանիշը, այնքան ցած է փտածութիւնը:

Զեկոյցին մէջ կ’ըսուի, որ Հայաստանը փտածութեան ընկալման ցուցակի տեսակէտէն կարելի է համարել անցեալ 5 տարուայ կտրուածքով «յաջողութեան օրինակ»:

2017 թուականէն սկսեալ Հայաստանը վաստակած է 14 միաւոր եւ ընդհանուր թիւը հասցուցած է 49-ի: Հայաստանի մէջ ամրապնդուած են քաղաքացիական ազատութիւնները, այդ ճանապարհ կը հարթէ աւելի կայուն քաղաքացիական ներգրաւուածութեան եւ հաշուետուողականութեան համար:

Միաժամանակ, «Թրենսփերընսի Ինթերնեշընըլ»-ի փտածութեան ընկալման 2021 թուականի ցուցակը կազմած փորձագէտները կը նշեն, որ չնայած այդ յառաջընթացին` Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու օրակարգը վերջին մէկ տարուան մէջ կանգ առած է, «ուստի կառավարութիւնը պէտք է վերահաստատէ այդ խնդիրը լուծելու յանձնառութիւնը եւ շարունակէ բարեփոխումները»:

corruption scale

Անդրկովկասի մէջ Հայաստանէն աւելի լաւ դիրքի վրայ է միայն Վրաստանը, որ ունի 55 միաւոր: Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանին կը յաջորդեն Թուրքիան` 38 միաւոր, Ատրպէյճանը` 30 միաւոր, Ռուսաստանը` 29 միաւոր, եւ Իրանը` 25 միաւոր:

Փտածութեան տեսակէտէ աշխարհի մէջ աւելի մաքուր երկիրներն են 88-ական միաւոր վաստակած Դանիան, Ֆինլանտան եւ Նիւ Զելանտան, որոնց 85-ական միաւորով կը յաջորդեն Նորվեկիան, Սինկափուրն ու Շուէտը: Զուիցերիան ունի 84, Հոլանտան` 82, Լիւքսեմպուրկը` 81, եւ Գերմանիան` 80 միաւոր:

Ամենափտած երկիրներու ցանկին վերջին հնգեակին մէջ են 16-էն 11 միաւոր ստացած Եմէնը, Վենեզուելան, Սոմալին, Սուրիան եւ Հարաւային Սուտանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment