Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանի Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կը Հեռանայ Քաղաքականութենէն

Լիբանանի Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կը Հեռանայ Քաղաքականութենէն

by MassisPost

Լիբանանի նախկին վարչապետ, սիւննի համայնքի առաջնորդ Սաատ Հարիրի յայտարարած է քաղաքականութենէն հեռանալու մասին:

«Մուսթաքպալ» հոսանքի առաջնորդ, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարած է, որ կը հեռանայ քաղաքական ասպարէզէն: Պէյրութի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ան ըսած է, որ պիտի չառաջադրուի Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Աւելի առաջ, ընտրութիւններուն մասնակցելէ հրաժարելու մասին յայտարարած էին նաեւ շարք մը այլ քաղաքական ուժեր, իրենց այդ որոշումը բացատրելով «երիտասարդ սերունդի քաղաքական գործիչներուն համար երկիրը թարմացնելու տարածք բանալու» մտադրութեամբ:

51-ամեայ Հարիրին քաղաքական գործունէութիւնը սկսած է 2005 թուականին՝ հօր` երկրի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն յետոյ: 2009 թուականին դարձած է Լիբանանի վարչապետ, պաշտօնավարած է մինչեւ 2011 թուական, այնուհետեւ 2016 թուականին վերադառնալով այդ պաշտօնին` ան նոր դարաշրջան խոստացաւ երկրին` ղեկավարելով մինչեւ 2020:

Հարիրի հրաժարական տուաւ երկրին մէջ խորացող քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի լոյսին տակ, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս: Միջազգային կառոյցներու գնահատականներով՝ Լիբանանի բնակչութեան մօտ 80 տոկոսը կ’ապրի աղքատութեան մէջ, ազգային դրամանիշը արժեզրկուած է աւելի քան 90 տոկոսով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment