Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՔՊ-էն 2 Պատգամաւոր Եւ Արամ Սարգսեան Երաշխաւորութիւն Ներկայացուցած Են Տօնոյեանին Համար

ՔՊ-էն 2 Պատգամաւոր Եւ Արամ Սարգսեան Երաշխաւորութիւն Ներկայացուցած Են Տօնոյեանին Համար

by MassisPost

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ի պատգամաւորներ Քրիսթինէ Պօղոսեանն ու Վիլէն Գաբրիէլեանը եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեանը անձնական երաշխաւորութեամբ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ազատ արձակելու միջնորդութիւն ներկայացուցած են:

Երեքն ալ ներկայ էին «անպիտան հրթիռներու» գործով դատական նիստին, պատգամաւորները չշփուեցան լրագրողներուն հետ, իսկ Արամ Սարգսեան ըսած է, որ կը պատրաստուի երաշխաւորութիւն յայտնել:

Առանձնապէս մեծ չափերու իւրացում կատարելու համար մեղադրուող Տօնոյեանն ու միւս բարձրաստիճան զինուորականները, նաեւ բանակին հրթիռները մատակարարած ընկերութեան տնօրէն Դաւիթ Գալստեանը այս գործով արդէն երեքուկէս ամիսէ աւելի կալանավայրի մէջ են։ Գործով անցնող առանցքային դէմքերէն միայն Գլխաւոր շտաբի գործող պետը ազատութեան մէջ է։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զայն կալանաւորելու միջնորդութիւն չէր ներկայացուցած։ Արտակ Դաւթեանը կը մեղադրուի պաշտօնէական դիրքը չարաշահելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment