Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՌԴ ԱԳՆ․ Այսօր Գերակայութիւնը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմանազատման Մեկնարկն Է, Ապաշրջափակումը

ՌԴ ԱԳՆ․ Այսօր Գերակայութիւնը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմանազատման Մեկնարկն Է, Ապաշրջափակումը

by MassisPost

«Այսօր գերակայութիւնը հայ֊ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին մեկնարկն է, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանի ճանապարհային ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը», յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը` պատասխանելով հարցին, թէ ի՞նչը պիտի ըլլայ 2022֊ին Մոսկուայի համար առաջնային խնդիրը:

«Այս ուղղութիւններով յառաջընթացը հնարաւորութիւն պիտի տայ էական բարելաւում արձանագրելու Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ», նշած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Նախարարութիւնը կրկին ընդգծած է` ռուսական կողմը կը հիմնուի այն պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, որոնք ձեռք բերուած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի առաջնորդներուն միջեւ` Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ տեղի ունեցած երեք հանդիպումներու ընթացքին:

Պաշտօնական Երեւանը վերջերս գրաւոր առաջարկներ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին վերաբերեալ ու կը սպասէ նոյնպէս գրաւոր պատասխանի:

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը օրերս յայտնած է, որ Պաքուի համար անընդունելի են Երեւանի նախապայմանները, եւ իրենք հանդէս կու գան անյապաղ ու առանց նախապայմաններու սահմանազատման օգտին, ինչին Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը արձագանգեց, որ սահմանազատման հարցով հայկական կողմը նախապայմաններ չունի, խօսքը պայմանաւորուածութիւններու մասին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment