Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի Գործով Առաջին Դատական Նիստը Ընթացաւ Դռնփակ

Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի Գործով Առաջին Դատական Նիստը Ընթացաւ Դռնփակ

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գործով առաջին դատական նիստը տեղի ունեցաւ այսօր` 19 Յունուարին:

Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին, այդ գործով ամբաստանեալներէն Դաւիթ Գալստեանի պաշտպանը ըսաւ, որ դատարանը պէտք է քննէ խափանման միջոցի հիմնաւոր ըլլալու հարցը:

«Խնդիրը հետեւեալն է` կալանքը կիրառուել էր, որ նախաքննութեան ընթացքում Դաւիթ Գալստեանը չխոչընդոտի: Հիմա նախաքննութիւնն աւարտուած է, բոլոր վկաները հարցաքննուած են, բոլոր ապացոյցները կան: Այլեւս խոչընդոտելու վտանգ, իմ կարծիքով, չկայ: Այստեղ արդէն խնդիրը դատարանի գնահատականն է, ըսաւ ան:

Պաշտպանը նշեց, որ այս փուլին գրաւի դիմաց խափանման միջոցը փոխելու հարց պիտի չըլլայ:

«Լաւագոյն լուծումն ենք առաջարկելու դատարանում, տեսնենք, թէ ինչ կը լինի: Որոշել ենք միջնորդել, որպէսզի դատական գործընթացը դռնբաց լինի, քանի որ, ըստ էութեան, էլ պետական գաղտնիք չմնաց: Հնարաւոր բոլոր տեղեկութիւնները հրապարակուած են: Հրապարակային դատավարութիւնը ինչ-որ չափով կարող է առարկայական լինել», ըսաւ ան:

Ըստ պաշտպանին` Դաւիթ Գալստեանը ցուցմունք տուած է, առերեսումներ կատարուած են ե՛ւ մեղադրեալներուն, ե՛ւ վկաներուն հետ: Անոր խօսքով`  նախաքննական մարմինը պնդած է, որ 4232 հրթիռները անորակ եւ անպիտան են:

«Գործում առկայ են փաստական տուեալներ, որ այդ հրթիռները կիրառուել են, ինչպէս զօրավարժութիւնների, այնպէս էլ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում եւ գործում առկայ են ցուցմունքներ կիրառողների կողմից, որ դրանցով հնարաւոր է եղել մարտական խնդիր», ըսաւ պաշտպան Անդրիկեանը:

Նշենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մերժած է հրթիռներու փորձարկման պաշտպաններուն միջնորդութիւնը: Յիշեցնենք, որ Տօնոյեանը կը մեղադրուի 2.277.323.840 ՀՀ դրամ գումար յափշտակելու եւ կեղծիքներ, հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու մէջ: Անոր նկատմամբ կալանաւորումը ընտրուած է որպէս խափանման միջոց: Այս գործով մեղադրեալի կարգավիճակ ունին նաեւ Հայաստանին զէնք մատակարարող ընկերութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեանը եւ Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ Ստեփան Գալստեանը, որոնք նոյնպէս կալանաւորուած են:

Ստեփան Գալստեանը, Դաւիթ Գալստեանը կալանաւորուած են ՀՀ զինուած ուժերու կարիքներուն համար ռազմամթերքի մատակարարման գործընթացին մէջ չարաշահումներ եւ առանձնապէս մեծ չափով յափշտակութիւններ կատարելու դէպքերուն առթիւ քննուող քրէական գործի ծիրին մէջ: Դաւթեանին մեղադրանք առաջադրուած է նոյն այս գործի շրջագիծէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment