Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առանց Նախապայմաններու Սահմաններու Բացումը Կը Բխի Հայաստանի Շահերէն. Արշակեան

Առանց Նախապայմաններու Սահմաններու Բացումը Կը Բխի Հայաստանի Շահերէն. Արշակեան

by MassisPost

Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն համար Հայաստանի օրակարգը չէ փոխուած, այն կը շարունակէ ըլլալ առանց նախապայմաններու սահմաններու բացումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը: Այս մասին վստահեցուց ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան, խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

«Հայաստանի անկախութիւնից ի վեր Հայաստանի սահմանները լարուած են, եւ մենք խաղաղ պայմաններում հազարաւոր զոհեր ենք ունեցել թէ՛ պատերազմի ընթացքում, թէ՛ խաղաղ պայմաններում: Կարծում եմ` այն խաղաղութեան օրակարգը, որ մենք հիմա յառաջ ենք տանում եւ մեր ժողովրդից դրա համար քուէ ենք ստացել, հէնց միտուած է նրան, որ կարողանանք մեր սահմանների եւ Հայաստանի անվտանգութիւնն օր առաջ ապահովել, որպէսզի այլեւս խաղաղ պայմաններում զինուորներ չզոհուեն, որպէսզի այլեւս Հայաստանը պատերազմների մէջ չյայտնուի», ըսաւ Արշակեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման, ան նշեց, որ այդ ընդամէնը իրենց առաջին հանդիպումն էր, եւ բնական է որ շատ տեղեկատուութիւն չկայ:

«Առաջին հանդիպումն է տեղի ունեցել, մարդիկ ծանօթացել են, մեր կողմն իր օրակարգն է յառաջ բերել, թէ մենք ինչով ենք հետաքրքրուած, թուրքական կողմն իր օրակարգն է բերել, տեղի է ունեցել քննարկում: Այդ քննարկումից յետոյ կողմերը գնացել են իրենց մայրաքաղաքներ` ճշգրտելու, քննարկելու այդ օրակարգային հարցերը», ըսաւ Արշակեան:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Հայաստան ինչո՞վ հետաքրքրուած է, ան ըսաւ` առանց նախապայմաններու սահմաններու բացմամբ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատմամբ:

«Մեր օրակարգը չի փոխուել: Անկախ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները յայտարարել են, որ թուրքերի հետ խօսելու մեր օրակարգը հետեւեալն է` առանց նախապայմանների Թուրքիայի հետ սահմանները պէտք է բացուեն եւ հաստատուեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ», ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

Հարցումին, թէ ի՞նչ վստահութիւն կայ, որ Թուրքիան յառաջ պիտի չքաշէ նախապայմաններ, Արշակեան ըսաւ, որ նման վտանգ կայ: Արշակեան յիշեցուց, որ այդ հանդիպումները, բանակցութիւնները տեղի կ’ունենան Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը նոյնպէս դրական կ’արձագանգէ: «Յոյս ունեմ, որ նաեւ միջազգային գործընկերների օգնութեամբ մենք կը կարողանանք սահմաններ բացելու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցը լուծել: Եւ դա բխում է ՀՀ շահերից», ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

Յիշեցնենք, որ 14 Յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըչի հանդիպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment