Ֆրանսիայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը(CCAF) Յունուար 13-ին յայտարարութիւն տարածած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի`Ֆրանսիայի նախագահի հանրապետական թեկնածու Վալերի Պեկրեսին ուղղուած սպառնալիքներունպատճառաւ: Ալիեւը յայտարարած էր,որ Ատրպէճանը տեղեակ չէ եղած Վալերի Պեկրեսի` Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան մասին,սակայն, իմանալու պարագային ակնյայտ է, որ թոյլ չէր տար անոր՝ լքել Լեռնային Ղարաբաղը:
«Արմենփրեսե-ի փոխանցմամբ, CCAF-ը, մասնաւորապէս, կոչ ըրած է Ֆրանսայի իշխանութիւններունԱտրպէյճանէն բացատրութիւն եւ ներողութիւն պահանջել նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուիհասցէին այսպիսի ահաբեկող յայտարարութեան վերաբերեալ, եւ զայն չստանալու պարագային,Պաքուէն ետ կանչել իր դեսպանին եւ արտաքսել Ֆրանսայէն՝ Ատրպէյճանի դեսպանին:
Ֆրանսիայի նախագահի թեկնածու Վալերի Պեկրես տեղական մամուլին ըսածէ որ, նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուի հասցէին նման սպառնալիքները շար լուրջեն: Թեկնածուն պէտք է ազատ ըլլայ երթալու՝ հոն ուր կը ցանկանայ : ՎալերիՊեկրեսը ըսած է,որ այդ սպառնալիքները իրեն չեն վախեցներ, սակայն ցնցուած է սպառնալիքներու վերաբերեալ ֆրանսական կառավարութեան լռութենէն: Պեկրեսը նշած է, որ կը ցանկանար,որպէսզի ֆրանսական կառավարութիւնը պաշտօնապէս պատասխանէր Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուի հասցէինօտարերկրեայ պետութեան նախագահի կողմէն հնչեցուած այսպիսի սպառնալիքին:
Նախագահի թեկնածու Վալերի Պեկրես Հայաստան եւԱրցախ այցելած էր 2021֊ի Դեկտեմբերի 21-23-ը: