Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պոլսահայերը Ուրախութեամբ Ստացան Երեւան-Պոլիս-Երեւան Թռիչքի Վերաբացման Լուրը

Պոլսահայերը Ուրախութեամբ Ստացան Երեւան-Պոլիս-Երեւան Թռիչքի Վերաբացման Լուրը

by MassisPost

Պոլսահայերը ուրախութեամբ ընդունեցին այն հանգամանքը, որ հայկական «Flyone Armenia» օդուղային ընկերութիւնը ստացած է Երեւան-Պոլիս-Երեւան ուղղութեամբ թռիչքներ իրականացնելու արտօնութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ը զրուցեց պոլսահայ համայնքի՝ յաճախ Հայաստան այցելող ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց համար Հայաստան-Թուրքիա օդային հաղորդակցութեան բացակայութիւնը դժուարութիւններ կը ստեղծէր։

«Որպէս Հայաստան յաճախ այցելող մէկը՝ ես կ’ողջունեմ այս զարգացումը։ Մինչեւ վերջերս, «AtlasJet»-ը ուղիղ թռիչքներ ունէր, սակայն 2019 թուականի նոյեմբերին, ընկերութեան սնանկութեան պատճառով չեղարկուեցան բոլոր, ներառեալ՝ դէպի Երեւան թռիչքները։ Անկէ ետք, ես ստիպուած էի ճամբորդութիւններս ընել տարանցիկ թռիչքներով։ Ուղիղ թռիչքով մօտաւորապէս 2:30 ժամ տեւող ճամբորդութիւնը դարձած էր երկար ու բարդ գործընթաց մը, որ ժամեր կը տեւէր, յատկապէս համավարակի պայմաններուն մէջ»,- ընդգծեց պոլսահայ յայտնի երգչուհի Սիպիլը՝ շեշտելով, որ կ’ակնկալէ, որ օդուղային ընկերութիւնը պահէ մատչելի գիները, իսկ թռիչքները կ’իրականան օրուան յարմար ժամերուն։

«Ամէն անգամ Հայաստանէն վերադարձի ճանապարհին օդանաւ նստելու ատեն մտքէս կ’ըսեմ՝ արդեօք ե՛րբ նորէն քովդ պիտի գամ, իմ գեղեցիկ Երեւան։ Կը կարծեմ, որ եթէ ուղիղ թռիչքներ եւ մատչելի գիներ առաջարկուին, աւելի շատ մեկնումներ եւ ժամանումներ կ’ըլլան»,- ըսաւ Սիպիլը՝ յաջողութիւններ մաղթելով «Flyone Armenia» ընկերութեան անձնակազմին։

Պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչ, մտաւորական Ճան Էրզուրումլուօղլուն նոյնպէս դրական գնահատեց փոխադարձ ուղիղ թռիչքներու հաստատումը։ «Պոլիսահայերը առիթ պիտի ունենան աւելի յաճախ Հայաստան այցելելու. այս առիթէն կ’օգտուին նաեւ իսլամացած հայերն ու այն թուրքերը, որոնք հետաքրքրուած են հայկական մշակոյթով։ Այդ մէկը ձեռնտու կ’ըլլայ հայաստանեան զբօսաշրջութեան համար, յատկապէս յետհամավարակային շրջանին»,- նշեց ան։

Պոլսահայ համայնքի մէկ այլ ներկայացուցիչ Լերնա Պալըքչը Օզտէրը նոյնպէս յայտնեց, որ ուրախութեամբ լսած է լուրը։ «Կը կարծեմ, որ շատ ուրախալի է, որ այդ ընկերութիւնը «Flyone Armenia»-ն է»,-ըսաւ Օզտէրը։

«Նախ Թուրքիոյ կողմէ «Flyone Armenia»-ին թռիչքներ կատարելու համար արտօնութեան տրամադրումը, այնուհետեւ Հայաստանի կողմէ «Pegasus» օդուղային ընկերութեան արտօնութեան տրամադրումը դրական զարգացումներ են։ Եւս մէկ դրական քայլ մըն է երկու երկրներու փոխադարձ ներկայացուցիչներու նշանակումը քաղաքական բանակցութիւններու համար։ Յառաջիկային երկաթուղային եւ ցամաքային տեղափոխութեան գծով եւս նման քայլի կը սպասեմ։ Հայաստանի կողմէ թուրքական ապրանքներու նկատմամբ արգելքի վերացումը, ցամաքային ճանապարհային հաղորդակցութեան բացումը եւ միջնորդ երկրներու բացակայութիւնը, հաշուի առնելով նաեւ ուղիղ հաղորդակցութեամբ պայմանաւորուած ցած արժէքը, փոխադարձ մեծ առաւելութիւն պիտի ապահովեն։ Այս հանդիպման մէկ այլ դրական կողմը զբօսաշրջութեան համար է: Ուղիղ հաղորդակցութիւնը պիտի արագացնէ այդ մէկը: Ի վերջոյ, անիկա մեզ փրկեց այդքան կարճ տարածութիւնը երկար անցնելու չարչարանքէն։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցած են այդ գործին մէջ։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ», – ըսաւ պոլսահայ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակին մէջ ճանչուած գործիչ Քենան Ենիճէն

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment