Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Նոր Առաջարկներ Ներկայացուցած Է Սահմանազատման Յանձնաժողով Ձեւաւորելու Հարցով․ Լաւրով

Հայաստան Նոր Առաջարկներ Ներկայացուցած Է Սահմանազատման Յանձնաժողով Ձեւաւորելու Հարցով․ Լաւրով

by MassisPost

Հայաստան նոր առաջարկներ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողով ձեւաւորելու հարցով, որ ռուսական կողմի միջոցով պիտի փոխանցուի Պաքուին։ Այդ մասին այսօրուայ՝ Յունուար 14-ի ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով։

«Բառացիօրէն երէկ ես շփուած եմ Հայաստանի իմ գործընկերոջ հետ, որու մօտ նոր առաջարկներ կան, անոնք մենք կը փոխանցենք Պաքուին»,- ըսած է Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Ռուսաստան կողմ է սահմանազատման շուտափոյթ աշխատանքներուն՝ ընդգծելով, որ այդ գործընթացը կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի ու կարգաւորման խնդիրի հետ․ «Մենք հանդէս կու գանք՝ որքան հնարաւոր է շուտ ձեռնամուխ ըլլալ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանագծման։ Այդ չի վերաբերիր Ղարաբաղեան տարածաշրջանին եւ կարգաւորման հարցերուն։ Այն զուտ երկկողմանի հարց է, որ արդէն գրեթէ մէկ տարի է որ մենք կ’առաջակենք՝ սկսիլ մշակումները, անոր համար ստեղծելով սահմանագծման ու սահմանազտման յանձնաժողով»։

Ռուսաստանի դերին մասին Լաւրով ըսած է, թէ կ’առաջարկեն այդ յանձնաժողովին խորհրդատու ընդգրկուիլ՝ հաշուի առնելով ռուսական գլխաւոր շտապի եւ այլ կառոյցներու մէջ գոյութիւն ունեցող քարտէզները, ուր արտացոլուած են նախկին ԽՍՀՄ ձեւաւորման տարբեր փուլերն ու միութենական հանրապետութիւններու միջեւ վարչական սահմաններու փոփոխութիւնները։

Ան ըսած է, որ սահմանագծման ու սահմանազատման յանձնաժողով ստեղծելու համար կողմերու համապատասխան առաջարկներ կան, ու որպէսզի յաձնաժողովը ստեղծուի, առաջին հերթին պէտք է համաձայնեցնել պայմանները, որոնք հիմա կը քննարկուին, բայց այնտեղ տարաձայնութիւններ կան․ «Մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ պէտք է նստիլ ու արդէն պաշտօնապէս ձեւաւորուած յանձնաժողովի ծիրէն ներս լուծել բոլոր այն հարցերը, որոնք հիմա դեռ կը մնան չհամաձայնեցուած»։

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողով ստեղծելու խնդիրներուն այսօրուայ ասուլիսին Լաւրով անդրադարձած է՝ պատասխանելով հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու հարցերուն։

Ան հաստատած է, որ Նոյեմբերին Սոչի կայացած Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ հանդիպման ձեռք բերուած համաձայնութիւնները յոյս կը ներշնչէին, որ յանձնաժողովը շուտով կը ձեւաւորուի։

«Սոչի իրօք կար սկզբունքային համաձայնութիւն, եւ նոյնիսկ մամուլի հետ շփումներուն յոյս յայտնուած էր, որ յանձնաժողովը կը ձեւաւորուի մինչեւ 2021 թուականի աւարտը, բայց կեանքը բարդ է, յանձնաժողովի ստեղծման առաջընթացը իրօք բաւարար չէ, բայց մենք կ’աշխատինք, կը տեսնենք, ինչպէս ընել, որ յանձնաժողովը որքան հնարաւոր է շուտ աշխատի»,- ըսած է Լաւրով։

Տարաձայնութիւններու մասին Լաւրով նշած է՝ «ինչ պէտք է ընել, որ այն սկսի աշխատիլ, այդ բարդ է»։ «Այդ թեմայի քննարկումներու ընթացքին մենք համոզուած ենք, որ ամենալաւը այդ յանձնաժողովը ստեղծելն է, օրակարգին վրայ ընդգրկելով այն հարցերը, որոնք պէտք է լուծուին առաջնահերթութեան կարգով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment