Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Խաղաղապահ Զօրակազմը Դուրս Եկաւ Ղազախստանէն

Հայաստանի Խաղաղապահ Զօրակազմը Դուրս Եկաւ Ղազախստանէն

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահական ստորաբաժանումները՝ Հայաստանէն, Տաճիկստանէն եւ Ղրղզստանէն, հեռացան Ալմաթիէն եւ մեկնեցան մշտական տեղաբաշխման վայրեր: Կը նշուի, որ Հայաստանի ստորաբաժանումները իրենց ռազմամեքենաները բեռնած են Ռուսաստանի օդատիեզերական ուժերու երեք Իլ-76 ռազմափոխադրական օդանաւերու մէջ եւ անձակազմով հանդերձ մեկնած են Ալմաթիի օդակայանէն:

«ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժերէն Հայաստանի Հանրապետութեան ստորաբաժանումներու անձնակազմը, որոնք կը կատարէին Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ նշանակալի կառոյցներու պաշտպանութեան խնդիրները, աւարտելով բեռնումը ՌԴ օդատիեզերական ուժերու ռազմական ինքնաթիռներ Ալմա Աթայի օդակայանին մէջ, կը վերադառնան տուն», կը յայտնէ Ռուսաստնաի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment