Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւան ու Անգարա համաձայնած Են Շարունակել Բանակցութիւնները՝ Առանց Նախապայմաններու

Երեւան ու Անգարա համաձայնած Են Շարունակել Բանակցութիւնները՝ Առանց Նախապայմաններու

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը եւ Անգարան կառուցողական կ’որակեն իրենց յատուկ բանագնացներու միջեւ այսօր՝ Յունուար 14-ին Մոսկուա կայացած առաջին հանդիպումը։ Շուրջ երկու ժամ շարունակուած բանակցութիւններէն յետոյ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները բառացի միեւնոյն բովանդակութիւնը տարածեցին՝ յայտարարելով, թէ համաձայնած են յարաբերութիւնները կարգաւորել առանց նախապայմաններու։

«Կառուցողական մթնոլորտում կայացած առաջին հանդիպման ընթացքում յատուկ ներկայացուցիչներն իրենց նախնական մտքերն են փոխանակել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան միջոցով կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ։ Կողմերը համաձայնել են շարունակել լիարժէք կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմանների», – ըսուած է կողմերու յայտարարութիւններով։

Նշուած է նաեւ, որ հայ եւ թուրք յատուկ բանագնացներու միջեւ երկրորդ հանդիպման թուականն ու վայրը կ’որոշուին «պատշաճ ժամկէտով՝ դիւանագիտական ուղիներով»։ Փակ բանակցութիւններէն այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր։ Յայտնի է միայն, որ հանդիպումը անցած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդունելութիւններու տունը, սակայն ռուսական կողմը, ինչպէս նախարարութեան խօսնակը նշած էր աւելի վաղ, հայ-թրքական երկխօսութեան չէ մասնակցած։
Մոսկուան, սակայն, կ’աջակցի այդ գործընթացին, ըսած էր Զախարովա։ Այսօր այդ մասին խօսած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով։

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը կ’օգնեն պայմաններ ստեղծել, որպէսզի դեռ չլուծուած քաղաքական խնդիրները կարգաւորուին շատ աւելի աշխոյժ ու արդիւնաւէտ, անոնց կարգին՝ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու եւ անոնց երեք հարեւաններու՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի ու Իրանի միջեւ տնտեսական ու այլ համագործակցութեան զարգացման միջոցով», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։

Հայկական կողմի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ընդառաջ Մոսկուա տեղի ունեցած է Ռուբէն Ռուբինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ։ Կողմերը մտքեր փոխանակած են Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ։

Հայաստան Թուրքիոյ հետ երկխօսութենէն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ սահմանի բացում կ’ակնկալէ:
Հայկական կողմը բանակցութիւններու մեկնարկին՝ երէկ, վերստին յայտարարեց, թէ պատրաստ է կարգաւորել Թուրքիոյ հետ կապերը առանց նախապայմաններու։ «Ակնկալում ենք, որ երկխօսութեան արդիւնքում Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը հաստատուեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ, եւ կը բացուի հայ-թուրքական սահմանը», – երէկ ըսած էր Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը, աւելցնելով, որ հայկական կողմին մօտ տպաւորութիւն կայ, որ Անգարան եւս համաձայն է բանակցելու առանց նախապայմաններու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment