Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւան ԵԱՀԿ-Ին Եւ Մինսքի Խումբին Կոչ Կ’ընէ Խաղաղ Գործընթացը Վերսկսելու Միջոցներ Ձեռնարկելու

Երեւան ԵԱՀԿ-Ին Եւ Մինսքի Խումբին Կոչ Կ’ընէ Խաղաղ Գործընթացը Վերսկսելու Միջոցներ Ձեռնարկելու

by MassisPost

Հայաստան կոչ ըրած է ԵԱՀԿ նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը համանախագահող երկիրներուն՝ գործուն միջոցներ ձեռնարկելու՝ դադրեցնելու Ատրպէյճանի սադրանքները, եւ վերսկսելու հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը:

ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արմէն Պապիկեան ընդգծած է՝ ԵԱՀԿ տարածքի վրայ ուժի կիրառումը չի կրնար «լուծել» որեւէ հակամարտութիւն եւ ատրպէյճանական կողմէ ուժի կիրառումը, որպէս հակամարտութեան կարգաւորման օրինաւոր գործիքի ներկայացումը կը վտանգէ ԵԱՀԿ-ի տարածաշրջանի անվտանգութիւնը եւ կը վարկաբեկէ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման նպատակով ստեղծուած միջազգային կազմակերպութիւնները՝ անոնց կարգին ԵԱՀԿ-ը:

Ներկայացնելով «Հայաստանի ինքնիշխան տարածք 2021-ի Մայիս 12-ին ներխուժած ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներու կողմէ 2022-ի Յունուար 11-ին հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործմամբ կազմակերպած սադրիչ գործողութիւնները», որու արդիւնքով հայկական կողմը երեք զոհ ունեցաւ՝ դեսպանը շեշտած է՝ վերջին օրերուն Պաքուէն հնչող հայատեաց եւ, միեւնոյն ժամանակ, «ինքնախոստովանական» յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ այդ բախումները նախաձեռնած է Ատրպէյճան։

Յայտարարելով, որ Ատրպէյճան ուշի ուշով կը հետեւէ Հայաստանի բանակաշինութեան՝ թէ՛ իրենց, թէ՛ գործընկերներու ուժով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է․ – «Ես բաց ըսած եմ՝ եթէ մենք նոյնիսկ նուազագոյն սպառնալիք տեսնենք մեր անվտանգութեան, այդ վտանգը անմիջապէս կ’ոչնչացուի։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ ուր է եւ որքան խոր տեղակայուած Հայաստանի տարածքին մէջ։ Այդ պէտք է բոլորը հասկնան, առաջին հերթին՝ Հայաստանի ղեկավարութիւնը»։ Ան պնդած է, թէ Պաքուն կը շարունակէ ժամանակակից զէնք-զինամթերք գնել եւ բարձրացնել բանակի մարտունակութիւնը։

Խօսելով Պաքու պահուող հայ ռազմագերիներու եւ գերութեան մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացումներու խնդիրներուն՝ Պապիկեան շեշտած է, որ խնդիրները չեն հանգուցալուծուած Ատրպէյճանի կողմէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ներքոյ ստանձնած պարտաւորութիւններու ոտնահարման հետեւանքով:

Դեսպանը կոչ ըրած է ԵԱՀԿ լեհական նախագահութեան ուշադրութեան կեդրոնը պահելու ԼՂ հակամարտութիւնը, եւ յոյս յայտնած, որ Լեհաստանի նախագահութիւնը միջազգային այլ գործընկերներու հետ միասին կ’օգտագործէ առկայ գործիքակազմը՝ Ատրպէյճանին յստակ եւ միանշանակ ուղերձ յղելու համար, որ ուժի շարունակական կիրառումը չի կրնար հանդուրժուիլ եւ անհետեւանք մնալ։

«Ատրպէյճանը պէտք է անյապաղ դադարեցնի իր սադրանքները, դուրս բերի իր ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից, դադարեցնի լարուածութեան սրումը թէ՛ Հայաստանի սահմանին, թէ՛ Արցախի հետ շփման գծում եւ կատարի իր ստանձնած պարտաւորութիւնները», – եզրափակած է Պապիկեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment