Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2021 Թուականի Ընթացքին Զոհուած Զինծառայողներու 70-Էն Աւելի Ընտանիքներու Մէջ Երեխաներ Ծնած Են․ Նիկոլ Փաշինեան

2021 Թուականի Ընթացքին Զոհուած Զինծառայողներու 70-Էն Աւելի Ընտանիքներու Մէջ Երեխաներ Ծնած Են․ Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը Յունուար 13-ին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու ատեն կամ հակառակորդի հետ շփման գծին վրայ մարտական հերթապահութիւն կամ յատուկ առաջադրանք կամ ծառայողական պարտականութիւններ կատարելու ատեն զոհուած (մահացած) զինծառայողներու ծնողներու վերարտադրողական առողջութեան աջակցման միջոցառումը հաստատելու մասին նախագիծը։

Ներկայացնելով նախագիծը՝ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար՝ Նարեկ Մկրտչեան ըսաւ, որ այս նախագիծով հնարաւորութիւն կու տան, որպէսզի զոհուած (մահացած) զինծառայողներու ծնողներու վերարտադրողական բուժօգնութեան ծառայութիւնները դառնան աւելի նպաստաւոր եւ շահաւէտ։

«Նշեմ, որ գործող կարգաւորումներով՝ զոհուած եւ մահացած զինծառայողների ծնողներին տրամադրւում են որոշակի սահմանափակ հնարաւորութիւններ՝ օգտուելու անվճար կամ արտօնեալ վերարտադրողական բուժօգնութեան ծառայութիւններից, սակայն դրանք ամբողջապէս չեն ծածկում ծախսերը։ Օրինակ՝ չեն ծածկում փոխնակ մօր ծառայութիւնների, նուիրատուական ծառայութիւնների ծախսերը եւ կարող եմ նշել, որ այս նախագծի անհրաժեշտութիւնը նաեւ բխում է այն հանգամանքից, որ վերջին վերլուծութիւնները ցոյց են տալիս, որ այս պահին բազմաթիւ ծնողներ, որոնք որոշում են կայացրել նոր զաւակներ ունենալ, բայց քանի որ այդ ծառայութիւնները բաւականին  թանկ են, չեն կարողանում իրականացնել իրենց այդ  որոշումը։ Ուստի այս նախագծի ընդունման պարագայում, նշուած ծառայութիւնների համար վերին շեմի կիրառմամբ, ծախսերն ամբողջութեամբ կ’իրականացուի պետութեան կողմից։ Մասնաւորապէս, փոխնակ մօր ծառայութիւններից օգտուելու համար պայմանագրով նախատեսուած վճարի 100 տոկոսի չափով, բայց ոչ աւել քան 5,5 միլիոն դրամը եւ նուիրատուական ծառայութեան համար պայմանագրով նախատեսուած վճարի 100 տոկոսի չափով, բայց ոչ աւել, քան 600 000 դրամը»,-ըսաւ նախարարը։

Վարչապետն ալ յիշեցուց, որ այս հարցին ինք անդրադարձած է իր ամանորեայ ուղերձի ընթացքին եւ պէտք է ըսել, որ սա պարզ հարց չէ, որովհետեւ նման քննարկումներ իրենք տարբեր ժամանակներ ունեցած են, բայց  հարցը բազմաթիւ նրբութիւններ ունի, անոնց կարգին՝ բարոյական նրբութիւններ եւ կողմեր, եւ իրենք այս որոշումներուն մօտեցած են փուլ առ փուլ։

«Նաեւ մեր զոհուած զինծառայողների ծնողների հետ ամենատարբեր շփումների քննարկումների արդիւնքում, որոշումները կայացրել ենք այն ժամանակ, երբ որ համոզուել ենք, որ իրենք են նախաձեռնողը, իրենք են բարձրացնում, որ այսպիսի հարցեր կան եւ ակնկալում են, որպէսզի կառավարութիւնը լուծի եւ սա շատ կարեւոր նրբութիւն է»,- ըսաւ վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ 2021 թուականի ընթացքին զոհուած զինծառայողներու 70-էն աւելի ընտանիքներու մէջ երեխաներ ծնած են եւ կը կարծէ, որ սա շատ խորհրդանշական, արժէքային եւ գաղափարական նշանակութիւն ունեցող փաստ է։

«Եւ կրկին իմ խոնարհումը եւ յարգանքի տուրքը այն ծնողներին, որոնք նման որոշում են կայացրել»,- եզրափակեց վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment