Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հակաքորուփցիոն Կոմիտէն Աւարտած Է Վլատիմիր Գասպարեանի Գործի Նախաքննութիւնը

Հակաքորուփցիոն Կոմիտէն Աւարտած Է Վլատիմիր Գասպարեանի Գործի Նախաքննութիւնը

by MassisPost

Հակաքորուփցիոն կոմիտէն, մէկ ամսուայ մէջ քննելով նախկին ոստիկանապետ` Վլատիմիր Գասպարեանին վերագրուող քորուփցիոն յանցագործութեան գործը, աւարտած է նախաքննութիւնը ու գործը ուղարկած հսկող դատախազին՝ դատարան ուղարկելու համար։

18 տարի իրաւապահ համակարգին մէջ բարձր պաշտօններ գրաւած զօրավար-լեյտենանտը, ըստ մեղադրանքի, օրինականացուցած է յանցաւոր ճանապարհով ստացած աւելի քան 2 միլիառ դրամը կամ 4 միլիոն տոլարը։ Նախկին ոստիկանապետը երկրէն չբացակայելու ստորագրութիւն տուած է։

«Քորուփցիան էս համակարգում կ’ոչնչացնեմ հիմնովին», – հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին ըսած էր Հայաստանի նախկին ոստիկանապետը։

Ժամանակին քորուփցիան ոչնչացնել խոստացող, իսկ այժմ քորուփցիոն 6 տարբեր յօդուածներով մեղադրուող 63-ամեայ Գասպարեան, ըստ իրաւապահներուն, 2000-2018-ի ընթացքին, գրաւելով պետական ծառայութեան տարբեր պաշտօններ, բացի պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելէ, կատարած է նաեւ պաշտօնական կեղծիք, առանձնապէս խոշոր չափերով վատնում եւ քորուփցիոն բնոյթի այլ արարքներ։ Այս գործողութիւններու ի արդիւնք նախկին ոստիկանապետը յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերած է իր եւ ընտանիքի անդամներու օրինական եկամուտները գերազանցող գոյք, անոնց կարգին` թանկարժէք տուներ եւ փոխադրային միջոցներ։ Եւ անոնց ծագումը թաքցնելու համար գրանցած է այլ անձերու անուններով։

Քրէական գործին մէջ յիշատակուած են նաեւ Գասպարեանի կինն ու դուստրը, թէեւ Հակաքորուփցիոն կոմիտէն չի մանրամասներ, թէ արդեօք անոնք եւս ունին մեղադրեալի կարգավիճակ։
Անոնք անցեալ տարիներուն Գասպարեանի ղեկավարած պետական կառոյցներուն մէջ՝ Ոստիկանութեան ու Ռազմական ոստիկանութեան մէջ նշանակուած են տարբեր պաշտօններով, բայց տարիներ շարունակ աշխատանքի չեն ներկայացած։ Ըստ Հակաքորուփցիոն կոմիտէին, աշխատանքի չներկայացած Գասպարեանի կինն ու դուստրը ստացած են աւելի քան 45 միլիոն դրամ աշխատավարձ։

Հայաստանի նախկին ոստիկանապետը, անոր կինը, զոքանչը, դուստրն ու որդին կ’անցնին նաեւ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման ուսումնասիրութիւններով, որով կը զբաղի Գլխաւոր դատախազութիւնը։

Բռնագանձման համար կալանքի տակ դրուած Գասպարեաններու գոյքի վերաբերեալ դիմումը մակագրուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Հայարփի Զարգարեանին։

Դատախազութեան տուեալներով, բռնագանձման ենթակայ է մօտ 168 միլիոն դրամ, աւելի քան 5 միլիոն ռուբլի, Երեւանի եւ Գեղարքունիքի 2 բնակարանները, 3 տուները, Կոտայքի մարզի հողամասը եւ 3 թանկարժէք ինքնաշարժները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment