Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Պիտի Շարունակէ Խափանել ԼՂ Խնդրով Զբաղելու՝ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Փորձերը․ Ալիեւ

Պաքուն Պիտի Շարունակէ Խափանել ԼՂ Խնդրով Զբաղելու՝ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Փորձերը․ Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը կը պնդէ, թէ Յունուար 12-ի սահմանին արձանագրուած բախումներու հետեւանքով հայկական կողմը պաշտօնապէս յայտարարուածէն քանի մը անգամ աւելի շատ զոհ ունեցած է ։ «Ես պաշտպանութեան նախարարէն տեղեկութիւններ ստացած եմ, որ հայկական կողմէն 6-8 զինուոր զոհուած է », – այսօր՝ Յունուար 13-ին յայտարարած է Ալիեւ՝ կատարուածի համար կրկին մեղադրելով հայկական կողմը։

«Այդ հայկական կողմի սադրանքի առաջին փորձը չէ, ցաւօք, նախապէս մեր կողմէն ձեռնարկուած բոլոր պատասխան քայլերը առայժմ դաս չեն եղած Հայաստանի համար, եւ երէկուայ դէպքն ալ բացառութիւն չէր», – ըսած է Իլհամ Ալիեւ՝ կրկին սպառնալիքներ հնչեցնելով Հայաստանի հասցէին։

«Ատրպէյճանը ուշի ուշով կը հետեւի Հայաստանի բանակաշինութեան՝ թէ՛ իրենց, թէ՛ գործընկերներու ուժով։ Ես բաց ըսած եմ՝ եթէ մենք նոյնիսկ նուազագոյն սպառնալիք տեսնենք մեր անվտանգութեան, այդ վտանգը անմիջապէս կ’ոչնչացուի։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ ուր է, որքան խոր տեղակայուած է Հայաստանի տարածքին մէջ։ Այդ պէտք է բոլորը հասկնան, առաջին հերթին՝ Հայաստանի ղեկավարութիւնը», – ըսած է Ալիեւ։ Ատրպէյճանի նախագահը, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ Հայաստանի գործընկերներէն յատկապէս որու ուղղուած են այս խօսքերը։

Փոխարէնը՝ ան պնդած է, թէ Պաքուն կը շարունակէ ժամանակակից զէնք-զինամթերք գնել եւ բարձրացնել բանակի մարտունակութիւնը։ Որպէս բանակի կատարելագործման միջոց՝ Ալիեւ նշած է յատուկ ստորաբաժանումներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, պնդելով, թէ անոնք «լաւագոյնս իրենք իրենց դրսեւորած են» ղարաբաղեան վերջին՝ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ։

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հարցին՝ Ալիեւ պնդած է, թէ Պաքուն կը շարունակէ «խափանել անով զբաղելու՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի փորձերը»։

«Ես տեղեակ չեմ, թէ ինչով կը զբաղի Մինսքի խումբը։ Կ’երեւի կը պատրաստուին յոբելեանական միջոցառումներու», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ յիշեցնելով, որ առաքելութիւնը ձեւաւորուած է 1992-ին, եւ այս տարի կը լրանայ անոր 30-ամեակը։ «Կ’երեւի անով զբաղած են։ Սակայն եթէ կատակը մէկ կողմ թողենք, կը կարծեմ, որ անոնք իրենք պէտք է իրենց օրակարգը ձեւաւորեն», – յայտարարած է Ալիեւ՝ միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով․ – «Ես կրնամ ըսել, որ անոնք ինչով պէտք չէ զբաղին։ Անոնք պէտք չէ զբաղին ղարաբաղեան խնդիրով, քանի որ անիկա լուծուած է։ Մենք անոնց փոխարէն զայն լուծած ենք»։

Միջնորդական խումբի երեք գերտէրութիւնները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա ու Ռուսաստան, մինչդեռ, պարբերաբար կը յայտարարեն, որ շարք մը խնդիրներ դեռ չեն լուծուած, եւ անհրաժեշտ է շարունակել բանակցութիւնները հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment