Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 20 Տարի Ետք Ռոպերթ Քոչարեանի Թիկնապահը Յայտարաած Է՝ Պօղոս Պօղոսեանի Գործով Մեղադրանքը Իրեն Պարզ Չէ

20 Տարի Ետք Ռոպերթ Քոչարեանի Թիկնապահը Յայտարաած Է՝ Պօղոս Պօղոսեանի Գործով Մեղադրանքը Իրեն Պարզ Չէ

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս սկսաւ 20 տարի առաջ «Առագաստ» սրճարանը սպաննուած Պօղոս Պօղոսեանի վերաբացուած գործով դատաքննութիւնը: Ինչպէս 20 տարի առաջ, այնպէս ալ հիմա, մեղադրեալը Ռոպերթ Քոչարեանի թիկնազօրէն Կուկու մականունով յայտնի Աղամալ Յարութիւնեանն է։ Յեղափոխութենէն յետոյ դատախազութիւնը գործի վերանայման վարոյթ յարուցած էր ականատես վկաներու, մասնաւորապէս՝ Սթիվըն Ճոն Նիւթոնի վկայութիւններու հիման վրայ, որմէ յետոյ բողոք ներկայացուցած էր Վերաքննիչ դատարան՝ դատավճիռը բեկանելու պահանջով, ինչ որ բաւարարուած է։ Ըստ դատախազութեան՝ նոր հանգամանքները կը վկայեն Պօղոսեանի՝ ոչ թէ անզգուշութեամբ, այլ խումբ մը անձերու կողմէ դիտաւորութեամբ սպաննութեան մասին. գրած է Հանրային Հեռուստաընկերութիւնը:

Այսօրուայ՝ Յունուար 12-ի նիստին, մեղադրող դատախազը հրապարակեց 2001-ի մեղադրական եզրակացութեան եզրափակիչ մասը: Խօսքը այն մեղադրանքի մասին է, որով Աղամալ Յարութիւնեան նախապէս դատապարտուած եղած է 2 տարուայ ազատազրկման, սակայն մէկ օր նոյնիսկ անազատութեան մէջ չէ եղած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment