Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յունուար 11-ին Վիրաւորուած Զինծառայողներու Կեանքին Վտանգ Չի Սպառնար. Սահմանին Վիճակը Կայուն Է

Յունուար 11-ին Վիրաւորուած Զինծառայողներու Կեանքին Վտանգ Չի Սպառնար. Սահմանին Վիճակը Կայուն Է

by MassisPost

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին Յունուար 11-ին ծաւալուած բուռն փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայկական կողմը 3 զոհ ունի՝ բոլորը ժամկէտային զինծառայողներ՝ 19-ամեայ շարքային Վահան Պապայեան, որու մարմինը մահացու հրազէնային վիրաւորումով կեսգիշերին յայտնաբերուած է, 20-ամեայ շարքային Արթուր Մխիթարեան եւ կրտսեր սերժանտ Ռուտիկ Ղարիպեան՝ 20 տարեկան:

Վահան թաուքուանտոյի երիտասարդներու առաջնութեան ախոյեան էր, Արթուրը` ըմբշամարտիկ, Ռուտիկը` Սմարթ կեդրոնի առաջին շրջանաւարտը: Երեք զինծառայողներն ալ զոհուած են Վերին Շորժայի նոյն տեղանքին մէջ՝ ատրպէյճանական կողմի անօդաչուի հարուածի հետեւանքով: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է երկու վիրաւորներու մասին:

«Իրենց կեանքին վտանգ չի սպառնում: Երկու վիրաւոր ունենք, երկուսի վիճակն էլ կայուն է, բուժում են ստանում, նորմալ է վիճակները», – տեղեկացուց ռազմաբժշկական վարչութեան պետի պաշտօնակատար՝ Գեղամ Փաշիկեան, աւելցուց, որ երկու զինծառայողներն ալ վերջոյթներու հրազէնային վիրաւորումներով են, անոնցմէ մէկը բուժում կը ստանայ Վարդենիսի հիւանդանոցին մէջ, իսկ միւսը տեղափոխուած է Երեւանի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց:

Իշխանական պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեան, որ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովի անդամ է, այսօր բացայայտած է, թէ ինչէն պայթած է երէկուայ արիւնոտ միջադէպը, որ երեք զինծառայողի կեանք խլած է. «Հայկական կողմի երկրաչափական աշխատանքներ իրականացնելիս ատրպէյճանցիները փորձել են խոչընդոտել, որից յետոյ հայկական կողմը համապատասխան միջոցներ է ձեռնարկել, պատասխան է տուել, ինչից էլ առաջացել է երէկուայ միջադէպը, երէկուայ միջադէպը ՀԱՊԿ-ի քաղաքական գործընթացների հետ չեմ պայմանաւորում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment