Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յայտնի Են Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդի 5 Անդամներու Անունները

Յայտնի Են Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդի 5 Անդամներու Անունները

by MassisPost

ՀՀ վարչապետի որոշման համաձայն Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ  2021-ի Դեկտեմբեր 21-ին յայտարարուած էր Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի անդամներու թեկնածուներու մրցոյթ։

Մրցոյթին մասնակցելու հետաքրքրութիւն ցուցաբերած  են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գրանցուած թիւով 7 հասարակական կազմակերպութիւններ եւ թիւով 5 արտախորհրդարանական կուսակցութիւններ:

Ամփոփելով մրցոյթի արդիւնքները եւ հիմք ընդունելով Որոշմամբ սահմանուած մրցութային ընթացակարգի պահանջները` Արդարադատութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ.-

Հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ ներկայացուած յայտերէն Որոշման չափանիշներուն բաւարարող ճանաչուած թիւով 5 յայտերէն ընտրուած են ներքոնշեալ թեկնածուները՝

-«Հելսինկեան Քաղաքացիական Ասամպլեայի Վանաձորի գրասենեակ» ՀԿ (թեկնածու՝ Արթուր Սաքունց):

-«Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» ՀԿ (թեկնածու՝ Դանիէլ Իոաննիսեան):

-«Իրաւունքի եւրոպա» ՀԿ (թեկնածու՝ Տիգրան Եգորեան):

Արտախորհրդարանական կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած յայտերէն Որոշմամբ սահմանուած չափանիշներուն բաւարարող ճանաչուած են եւ ընտրուած են ներքոնշեալ թեկնածուները՝

-«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն (թեկնածու՝ Էտմոն Մարուքեան).

-«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն (թեկնածու՝ Մասիս Մելքոնեան):

Թեկնածուներու ցանկը պիտի ներկայացուի վարչապետի աշխատակազմ եւ ենթակայ է հաստատման Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի ձեւաւորման մասին վարչապետի որոշմամբ՝ խորհուրդի ամբողջական կազմի հետ միասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment