Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պատերազմի Ընթացքին Յայտարարուած Համազգային Դրամահաւաք-Արշաւին Մասնակցած Է Շուրջ 750 Հազար Նուիրատու

Պատերազմի Ընթացքին Յայտարարուած Համազգային Դրամահաւաք-Արշաւին Մասնակցած Է Շուրջ 750 Հազար Նուիրատու

by MassisPost

2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին յայտարարուած «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» համազգային դրամահաւաք-արշաւին մասնակցած է շուրջ 750 հազար նուիրատու: «Արմէնփրէս»–ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան՝ ԱԺ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ հաւաքագրուած եւ ՀՀ պետական պիւտճէ փոխանցուած միջոցներու օգտագործումը ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի նիստին:

Յանձնաժողովը նախագահող՝ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արծուիկ Մինասեան Արշամեանէն խնդրեց ներկայացնել դրամահաւաքի նպատակները, դրամահաւաքի վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւնները եւ դրամահաւաքին մասնակցող անձերու քանակը:

Հիմնադրամի տնօրէնը յիշեցուց, որ դրամահաւաք-արշաւի մեկնարկը պայմանաւորուած էր Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմով: «Համազգային դրամահաւաքին ընդհանուր առմամբ մասնակցել է շուրջ 750  հազար նուիրատու, որից 500 հազար նուիրատուի գումարներն ուղիղ եկել են հիմնադրամի տարբեր հաշիւներին: Հիմնադրամն ունի դրամային հաշիւներ Կեդրոնական դրամատունում, նաեւ հաշուեհամարներ՝ տարբեր մասնաւոր դրամատուներում, գանձապետական հաշուեհամար չունի: Այդ 500 հազար նուիրատուի մի լուրջ հատուածը եկել է արտասահմանից»,-ըսաւ Արշամեան:

Այդ թիւերը մօտաւոր են: Նուիրատուներու լուրջ հատուածի մը ուղղակի նոյնականացնել կարելի չէ, կարճ հաղորդագրութիւններու միջոցով 1000 դրամներ փոխանցած անձերու անհատական տուեալներ չկան: Բացի այդ առցանց նուիրատուութիւններ կատարած բազմաթիւ նուիրատուներ չեն նշած իրենց անուն ազգանունները:

Արշամեան վստահեցուց, որ դրամահաւաքի մեկնարկը համաձայնեցուած է հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահի, խորհուրդի շարք մը անդամներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան հետ: «Դա համազգային ջանք է եղել, եւ հիմնադրամը Սեպտեմբերի 27-ին ուղղակի չի արթնացել եւ ասել, որ դրամահաւաք է սկսում: Ռազմական դրութեան պայմաններում պէտք է այդ ամէն ինչը համաձայնեցնել համապատասխան կառոյցների հետ, թէ արդեօք ճի՞շդ է, որ հիմնադրամը դա անի: Ի վերջոյ, այդ համաձայնութեան որոշումն է եղել, որ համազգային դրամահաւաքն իրականացուի բացառապէս հիմնադրամի միջոցով: Այսինքն՝ հիմնադրամը կամուրջ է հանդիսացել պատերազմի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար դրամահաւաք իրականացնելու առումով»,-ըսաւ հիմնադրամի տնօրէնը:

«Պատիւ ունեմ»-էն Հայկ Մամիջանեան հետաքրքրուեցաւ, թէ դրամահաւաքը ո՞վ  նախաձեռնած է եւ այդ եղա՞ծ է պատուէր կառավարութեան կողմէ, առաջա՞րկ ՀՀ նախագահի կողմէ, թէ՞ հիմնադրամի տնօրէնը ինքն է առաջարկած պաշտօնատար անձերու: Արշամեան պատասխանեց՝ «եւ, եւ, եւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment