Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան ու ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարի Տեղակալը Քննարկած Են Հայ-Թրքական Երկխօսութեան Գործընթացը

Միրզոյեան ու ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարի Տեղակալը Քննարկած Են Հայ-Թրքական Երկխօսութեան Գործընթացը

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարն ու ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալը այսօր՝ Յունուար 11-ին հեռախօսազրոյցի միջոցով քննարկած են տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան շարք մը հարցեր: Այս մասին հաղորդած է հայկական Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը աւելցնելով, որ հեռախօսազրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ:

Արարատ Միրզոյեան ու Քերըն Տոնֆրիտ անդրադարձած են հայ-թրքական երկխօսութեան գործընթացին, ընդգծած  Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ, եւ այս ձեւաչափի աշխատանքներու լիարժէք վերականգման անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադառնալով հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական հարցերուն` հայկական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւորած է ռազմագերիներու ազատ արձակման, անյայտ կորածներու ճակատագրի պարզաբանման, աճիւններու փոխանակման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի Պետական բաժանմունքի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով բիւրոյի յայտարարութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան նաեւ տեղեկացուցած է վերջին օրերուն Ատրպէյճանի ԶՈւ-ի կողմէն կրակի դադրեցման ռեժիմի խախտումներու մասին եւ կարեւորած իրավիճակի լիցքաթափման ուղղուած քայլերու իրագործումը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած է նաեւ Ղազախստանի ստեղծուած իրավիճակը: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է հարցի շուրջ հայկական կողմի դիրքորոշումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment