Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Netflix-ի Տեսաշարին Մէջ Ցուցադրուած Քարտէզները Թուրքիոյ Հանրութեան Մէջ Մեծ Աղմուկի Առիթ Հանդիսացած Են

Netflix-ի Տեսաշարին Մէջ Ցուցադրուած Քարտէզները Թուրքիոյ Հանրութեան Մէջ Մեծ Աղմուկի Առիթ Հանդիսացած Են

by MassisPost

Ամերիկեան Netflix հարթակով ցուցադրուող բազմադրուագ տեսաշարներէն մէկուն մէջ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Սթալինկրատի ճակատամարտերը ներկայացուող հատուածին մէջ ցուցադրուած են քարտէզներ, որոնք մեծ աղմուկ առաջացուցած են թուրք հանրութեան մէջ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս», յայտնած է թրքական yeniakit.com.tr-ը:

«Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին վաւերագրական շարժանկարին  մէջ, որ հեռարձակուած է Netflix հարթակով, Թուրքիոյ տարածքը ներկայացուած է որպէս Հայաստանի տարածք։ Թուրքիոյ նկատմամբ հիւանդագին թշնամանքը, որ առաջացուցած է հանդիսատեսի մեծ հակազդեցութիւնը, ցոյց տուաւ, որ նոյնիսկ պատմական վաւերագրական շարժանկարին մէջ ան չի վարանիր զիջիլ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ «Աքիթին»-ին տեղեկացնելով ամերիկեան հարթակին խայտառակութեան մասին՝ քաղաքացիները նշած են, որ RTÜK-ը (Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան գերագոյն խորհուրդ) պէտք է քայլեր ձեռնարկէ եւ ամենածանր պատժամիջոցները սահմանէ կազմակերպութեան նկատմամբ, որ չի վարանիր բացայայտ ցուցադրել իր թշնամութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ»,-ըսուած է թերթով:

Աղբիւրի համաձայն՝ առաջինը, որ աղմուկ բարձրացուցած է Թրքական ծովային եւ համաշխարհային ռազմավարութիւններու կեդրոնն է:

«Մենք կը դատապարտենք բոլոր այս նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան»,- նշուած է կեդրոնի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment