Ամերիկեան Netflix հարթակով ցուցադրուող բազմադրուագ տեսաշարներէն մէկուն մէջ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Սթալինկրատի ճակատամարտերը ներկայացուող հատուածին մէջ ցուցադրուած են քարտէզներ, որոնք մեծ աղմուկ առաջացուցած են թուրք հանրութեան մէջ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս», յայտնած է թրքական yeniakit.com.tr-ը:
«Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին վաւերագրական շարժանկարին մէջ, որ հեռարձակուած է Netflix հարթակով, Թուրքիոյ տարածքը ներկայացուած է որպէս Հայաստանի տարածք։ Թուրքիոյ նկատմամբ հիւանդագին թշնամանքը, որ առաջացուցած է հանդիսատեսի մեծ հակազդեցութիւնը, ցոյց տուաւ, որ նոյնիսկ պատմական վաւերագրական շարժանկարին մէջ ան չի վարանիր զիջիլ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ «Աքիթին»-ին տեղեկացնելով ամերիկեան հարթակին խայտառակութեան մասին՝ քաղաքացիները նշած են, որ RTÜK-ը (Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան գերագոյն խորհուրդ) պէտք է քայլեր ձեռնարկէ եւ ամենածանր պատժամիջոցները սահմանէ կազմակերպութեան նկատմամբ, որ չի վարանիր բացայայտ ցուցադրել իր թշնամութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ»,-ըսուած է թերթով:
Աղբիւրի համաձայն՝ առաջինը, որ աղմուկ բարձրացուցած է Թրքական ծովային եւ համաշխարհային ռազմավարութիւններու կեդրոնն է:
«Մենք կը դատապարտենք բոլոր այս նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան»,- նշուած է կեդրոնի յայտարարութեան մէջ: