Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դաւիթ Տօնոյեանի, Ստեփան Գալստեանի եւ Միւսներու Գործը Ուղարկուած Է Դատարան․ Գոռ Աբրահամեան

Դաւիթ Տօնոյեանի, Ստեփան Գալստեանի եւ Միւսներու Գործը Ուղարկուած Է Դատարան․ Գոռ Աբրահամեան

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեանի, ՊՆ ԳՇ նախկին պետի տեղակալ՝ Ստեփան Գալստեանի, ՊՆ-ին զէնք մատակարարող ընկերութեան տնօրէն՝ Դաւիթ Գալստեանի ու եւս 4 անձի գործով մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատուած է, եւ գործը ուղարկուած է դատարան: Այս մասին Civic.am-ին յայտնեց ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան։

Յիշեցնենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը անցեալ տարի հաղորդագրութիւն տարածած էր, ուր ըսուած էր․

«ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքում շարունակւում է ՀՀ զինուած ուժերի կարիքների համար ռազմամթերքի մատակարարման գործընթացում ՀՀ ՊՆ եւ զինուած ուժերի բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց կողմից պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ պաշտօնէական կեղծիքներ կատարելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը, որի շրջանակներում առանձնապէս խոշոր չափերի յափշտակութիւն կատարելու կասկածանքով ձերբակալուել են 2018-2020 թուականներին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցրած Դ.Տ-ն, ինչպէս նաեւ մատակարար կազմակերպութեան տնօրէն Դաւիթ Գալստեանը:

Նոյն օրը վերջիններս առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 2,277,323,840 ՀՀ դրամ գումար յափշտակելու եւ կեղծիքներ, հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար ներգրաւուած են որպէս մեղադրեալ, եւ միջնորդութիւններ են ներկայացուել դատարան՝ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:

Բացի այդ, քրէական գործի շրջանակներում նիւթական ծանր հետեւանքների առաջացմամբ իշխանութիւնը չարաշահելու եւ պաշտօնէական կեղծիքներ կատարելու համար քրէական հետապնդումներ են յարուցուել նաեւ ՀՀ զինուած ուժերի նախկին եւ ներկայ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց նկատմամբ:

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացնում է, որ քրէական գործով շարունակւում են ձեռնարկուել մեծածաւալ օփերաթիւ-հետախուզական եւ քննչական գործողութիւններ՝ պետութեան առանձնապէս խոշոր չափերի գոյքը յափշտակելու յանցաւոր մեքենականութեան ամբողջական պատկերի բացայայտման, դէպքի հետ առնչութիւն ունեցած այլ պաշտօնատար անձանց գործողութիւններն անհատականացնելու եւ նրանց նկատմամբ քրէական հետապնդումներ սկսելու ուղղութեամբ:

Հաշուի առնելով քրէական գործով հանրութեանը թոյլատրելի չափով իրազեկելու առաջնահերթութիւնը՝ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացնում է, որ պարբերաբար իրազեկումների ձեւով տեղեկատուութիւն կը տրամադրուի հանրային հնչեղութիւն ունեցող սոյն քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքի եւ դրա արդիւնքների վերաբերեալ:

Միաժամանակ, տեղեկացնում ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն անհանդուրժողական ու հետեւողական պայքար է տանելու պետականութեան հիմքերը թուլացրած, ՀՀ զինուած ուժերի համար անորակ եւ տեխնիկական նորմերին չհամապատասխանող զէնք-զինամթերքի ձեռքբերման եւ այդ գործընթացներում թոյլ տրուած ապօրինութիւնների բացայայտման, մեղաւոր բոլոր անձանց նկատմամբ քրէական հետապնդումներ յարուցելու եւ պատճառուած վնասը վերականգնելու ուղղութեամբ:

Ծանուցում. ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը համարւում է անմեղ, քանի դեռ նրա մեղաւորութիւնն ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով սահմանուած կարգով՝ դատարանի՝ օրինական ուժի մէջ մտած դատավճռով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment